ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ամանորի ներկայ շրջանին ամերիկահայութիւնը ընկերային զօրակցութեան գետնի վրայ կատարած է շատ կարեւոր հանգանակութիւն մը՝ լուրջ հնարաւորութիւններ ստեղծելով Հայաստանի մանուկներուն համար։ Ըստ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներուն, վերջերս տեղի ունեցաւ Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամի (COAF) 16-րդ տարեկան ընթրիքը։ Տքթ. Կարօ Արմէնի կողմէ գլխաւորուած այս հիմնադրամի տարեկան ընթրիքը սարքուեցաւ դեկտեմբերի 14-ին եւ արդիւնքին հանգանակուեցաւ աւելի քան 6 միլիոն տոլար։ Սա նոր մրցանիշ մըն է այս կազմակերպութեան տեսակէտէ։ Սոյն գումարը պիտի յատկացուի Հայաստանի յիսունմէկ գիւղերու մէջ COAF-ի ձեռնարկած կրթական, առողջապահական եւ ընկերային ծրագրերու իրականացման ի նպաստ։ Գոյացած միջոցները յատկապէս պիտի ուղղուին նաեւ Լոռիի մարզէն ներս արդի փորձագիտութիւններով կրթական SMART կեդրոնի կառուցումը աւարտելու նպատակին։

Այս տարուան ձեռնարկին հանդիսավարն էր Լոս Անճելըսի «Ֆաքս» կայանի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան, մինչ աւանդաբար այդ պարտականութիւնը ստանձնած ամերիկահայ դերասանուհի Անտրէա Մարթին, որ այս տարի չէր կրցած ներկայ ըլլալ, տեսանիւթով մը իր պատգամը յղեց ներկաներուն։

Երեկոյթին ընթացքին կազմակերպութեան «Մարդասիրական մրցանակ»ը շնորհուեցաւ Լոս Անճելըսէն Տէր եւ Տիկին Զարիկ եւ Ճեք Եուրէճեաններուն, որոնք ոչ միայն տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնին Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամին, այլ նաեւ բարեսիրական ծրագիրներ կ՚իրականացնեն Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ եւ Լոս Անճելըսի անտունիներուն ի նպաստ։

Ելոյթ ունեցողներու շարքին էին «Հըրսթ» հիմնարկութեան ղեկավար Տանա Քալայճեան Լականի եւ արուեստագէտ Հրուշ Աճէմեան, որոնք դրուատեցին Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամին գործունէութիւնը։

Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցաւ Հայաստանէն այդ նպատակով ժամանած 16-ամեայ ջութակահար Քրիսթինա Զաքարեան։ Ներկայ էին նաեւ 18-ամեայ Սաթենիկ Պետրոսեան եւ Մանուշակ Աւագեան, որոնք շրջանաւարտ են Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի հովանաւորած վարժարաններէն։ Անոնցմէ առաջինը այժմ կը մասնագիտանայ Թեքսասի մէջ, իսկ երկրորդը քաղցկեղի մասնագէտ մըն է։

Ձեռնարկին մասնակիցները նաեւ վայելեցին աշխարհահռչակ դաշնակահար եւ յօրինող Տիգրան Համասեանի եւ թաւջութակահար Արտեոմ Մանուկեանի իւրայատուկ կատարումները։

Նշենք, որ կազմակերպութեան SMART կեդրոնները կը հանդիսանան գիւղական շըր-ջաններու երեխաներուն կրթական արդի ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւններ, ուր կը տրամադրուին անգլերէնի, արհեստագիտութեան, արուեստի, երաժշտութեան, առողջապահութեան, մարմնամարզի եւ արդի հողագործութեան դասընթացքներ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2019