ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԵՌՕՐԵԱՅ ԽՏԱՑԵԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Սուրիոյ տագնապը վերջին շրջանին վերստին արիւնալի իրադարձութիւններով կը զուգորդուի։ Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ ղեկավարութեան զօրքերը Իտլիպ քաղաքի հարաւին կ՚իրականացնեն գործողութիւններ, որոնք կը թիրախաւորեն նաեւ քաղաքային ժողովուրդը։ Թուրքիա այս բոլորին մօտէն կը հետեւի՝ մանաւանդ, որ ունի գաղթականաց նոր եւ հսկայ ալիքի մը դէմ յանդիման մնալու հաւանականութիւնը։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ վերջին օրերուն խտացեալ բանակցութիւններ տեղի ունեցան Իտլիպի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետատ Էօնալի գլխաւորութեամբ թրքական պատուիրակութիւն մը բանակցութիւններ վարեց ռուս պաշտօնատարներու հետ։ Պատուիրակութեան այցելութիւնը ծրագրուածէն աւելի երկար տեւած է եւ երեք օրէ ի վեր արդէն այդ աշխատանքները կը շարունակուին։ Բաւական երկար տեւած սաստիկ գործողութիւններէն վերջ, վերջին օրերուն Իտլիպի յարձակումներու թափը որոշ չափով նուազած է եւ ըստ մեկնաբանութիւններու՝ այստեղ դեր խաղացած են թրքական պատուիրակութեան Մոսկուայի մէջ վարած բանակցութիւնները։

Բաց աստի, Իտլիպի շրջանի թրքական զինուորական յենակէտերու կարիքներու դիմագրաւման համար Թուրքիայէն զինուորական ինքնաշարժներու շարասիւներն ալ սկսած են կատարել անհրաժեշտ փոխադրութիւնները։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2019