ԵՐԵՒԱՆԻ ՎՐԱՅ ՃՆՇՈՒՄ
Երէկ, Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու ղեկավարներու անպաշտօն գագաթաժողովը, որ տեւեց շուրջ 7 ժամ։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ կազմակերպուած գագաթաժողովին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Լաչինի միջանցքի փակումով եւ Արցախի առկայ պաշարումով պայմանաւորուած լարուած մթնոլորտին մէջ Փաշինեան, Փութին եւ Ալիեւ թէեւ նոյն միջավայրին մէջ էին, սակայն, Քրեմլինի աղբիւրները գագաթաժողովէն առաջ արդէն տեղեկացուցած էին, թէ եռակողմանի հանդիպում մը չի նախատեսուիր։ Պաշտօնական աղբիւրները յայտնած էին, որ Փութին առանձին հանդիպումներ կ՚ունենայ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ։ Այդ մասին ալ մինչեւ օրուան վերջաւորութեան որեւէ մանրամասնութիւն չհաղորդուեցաւ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, անպաշտօն գագաթաժողովի սկիզբին Վլատիմիր Փութին մատնանշեց, որ ԱՊՀ-ի տարածքէն ներս մարտահրաւէրները, անվտանգութեան սպառնալիքներն ու տարաձայնութիւնները կ՚աճին։ «ԱՊՀ-ի անդամներուն միջեւ կան տարաձայնութիւններ, բայց մենք պատրաստ ենք զանոնք լուծելու», յայտնեց Փութին։
Մինչ Արցախի շրջափակումը կը շարունակուի, թէ՛ Երեւանէն եւ թէ՛ Ստեփանակերտէն իրերայաջորդ յայտարարութիւններ կը կատարուին։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ երեկոյեան հարցազրոյց մը տուաւ Հանրային հեռուստատեսութեան։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի վրայ ճնշումներ կը բանեցուին նաեւ միութենական պետութեան մասնակցութեան իմաստով։ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը թէեւ կը դիմադրէ, սակայն, ռազմական ճնշումներու կ՚ենթարկուի։
«Միութենական պետութիւնը (Ռուսաստանի նախատեսած) ինքնիշխանութեան ամբողջովին խախտումն է։ Հայաստանի օրակարգին վրայ միութենական պետութեան մէջ մտնել չկայ։ Հայաստանի ժողովրդավարական գործընթացները կը սահմանափակեն այդ հարցը քննարկելու հնարաւորութիւնը։ Հայկական կողմը միշտ ալ շինիչ եղած է, նաեւ պատերազմէն յետոյ, երկու տարուան ընթացքին եղած է կառուցողական։ Երեւան որեւէ քայլ չէ առած, որպէսզի Մոսկուայի հետ դիւանագիտական տագնապ մը յառաջանայ։ Հայկական կողմը կ՚ակնկալէ, որ Լաչինի միջանցքը հնարաւորինս արագ բացուի։ Միջանցքը ամբողջովին ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան տակ է։ Հիմա ծագած է տագնապ մը, որու պատասխանատուն Ատրպէյճանն է։ Այդ տագնապը լուծելու հնարաւորութիւն ունի Ռուսաստանը, որովհետեւ այդ բանը ընելու լիազօրուած է 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեամբ։ Ատրպէյճան այս քայլով կ՚ուզէ քանդել 9 նոյեմբեր 2020 թուականի յայտարարութեան ճարտարապետութիւնը եւ այսպէսով մտահոգել Ռուսաստանը։
«Այդ քայլերը լայն քոնթեքս մը ունին՝ Ատրպէյճանին աջակցելու, Հայաստանի տարածքէն ներս այսպէս կոչուած միջանցք մը ստանալու աջակցութեան ամբողջին մէջ են։ Հայաստան կը դիմադրէ այս բանին։ Սա է տագնապին դրդապատճառը։ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները պայմանագրային են։ Նշուած չէ այդ պահուն անոնք իտէալակա՞ն են, թէ ոչ։ Պիտի շարունակենք քայլեր ակնկալել, բայց եթէ չըլլան, հարցեր պիտի յառաջանան, թէ ինչու։ Լաչինի մէջ առկայ ճնշումը Հայաստանի տարածքէն ներս արտատարածքային միջանցք մը ստանալու համար է։ Այս պահուն ճգնաժամը լուծելու համար Հայաստան կ՚օգտագործէ դիւանագիտական բոլոր միջոցները», յայտարարեց Արմէն Գրիգորեան։
Միւս կողմէ, Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանն ալ երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ առկայ շրջափակման մէջ ստեղծուած իրավիճակին։ Ան յայտնեց, որ կացութիւնը հետզհետէ կը ծանրանայ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ որոշ ձեռնարկութիւններ արդէն սկսած են դադրեցնել իրենց գործունէութիւնը։