ՎԵՐԱՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՄԱՆ ՇԱՐԺԱՌԻԹՆԵՐԸ

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը՝ յատկացուած Բերձորի միջանցքի փակումին, առիթ էր առընչուած պետութիւններու դիրքորոշումները հրապարակելու: Այս փուլին կ՚ակնկալուի կոչ՝ միջանցքը բանալու, մարդոց տեղաշարժը ազատականացնելու եւ բնականաբար կողմերը խաղաղութեան շուրջ բանակցելու հրաւիրող ենթահող ստեղծելու:

Լուսարձակները պէտք է կեդրոնացնել առընչուած պետութիւններու՝ խաղաղապահ, դիտորդական, փաստահաւաք թէ կարիքներու ուսումնասիրութեան առաքելութիւններու ուղարկման ետին կանգնած պետութիւններու ելոյթներուն վրայ՝ յատկապէս քաղաքականօրէն ընկալելու համար տարածաշրջանին մէջ տարուող ազդեցութեան գօտիներու մրցապայքարին ծալքերը: Քաղաքական տրամաբանութիւնը առկայ է: Եթէ բնապահպանութիւնը պատրուակ էր միջանցքը փակելու, ապա միջանցքի փակումը առիթ էր Արցախի շրջափակումի քննարկումը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդ տեղափոխելու: Արցախի խնդիրին շատ արագ վերամիջազգայնացումը հարուած է նաեւ «Արցախի հարցը անցեալ է» (…) առաջադրանքին: Վերամիջազգայնացման այս գործընթացին մէջ կան երանգային տարբերութիւններ՝ առընչուած պետութիւններու դիրքորոշումներուն առումով:

Այսպէս…

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչի յայտարարութեան մէջ ամենէն յատկանշականն էր, որ այդ երկիրը կոչ կ՚ուղղէ Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ այլ կողմերուն, որոնք պատասխանատու են միջանցքի անվտանգութեան համար, կարելի եղածին չափ արագ ապաշրջափակելու Լեռնային Ղարաբաղը: Ատրպէյճանին վերաբերեալ ուղղակի հասցէականութեան առընթեր, այստեղ կար անուղղակի թիրախ՝ «այլ կողմերը»: Եւ խնդիրը, ըստ էութեան, «այլ կողմերուն» կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներուն տեսակէտէ: «Այլ կողմեր»ու մօտեցումը կը շարունակուի, որովհետեւ պահանջ կայ նաեւ անմիջապէս դադրեցնելու այն գործողութիւնները, որոնք կը խաթարեն խաղաղութեան հոլովոյթը: Կարեւոր է, որ Ուաշինկթըն չ՚օգտագործեր երկու կողմերուն բառակապակցութիւնը, ինչ որ համահաւասարութեան կանոնի եզր է:

Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչի խօսքին մէջ ակնարկ չկար եռակողմանի յայտարարութեան, մինչ ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը կոչ կ՚ընէր Ատրպէյճանին՝ յանձնառու մնալ եռակողմանի յայտարարութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութեան՝ երաշխաւորելու քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու, բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը: Անընդունելի նկատելէ ետք տեղաշարժի արգելակումը եւ անոր պատճառով ստեղծուելիք ծանրագոյն իրավիճակները, Ֆրանսա երկու կողմերուն կոչ կ՚ուղղէ՝ ստեղծել միջավայր, որ նպաստաւոր պիտի ըլլայ բանակցութիւններուն մէջ յաջողութեան հասնելու եւ յառաջընթացի համար:

Շատ պարզ է այստեղ ուղերձը: Կը խօսուի նոր բանակցային միջավայր կամ ձեւաչափ մը ստեղծելու մասին: Աւելի՛ն, ակնարկ կայ Արցախի շրջափակումէն անդին սահմանազատման գործընթացին ո՛չ միայն Փարիզի, այլեւ Պրիւքսելի ներգրաւման հրամայականին։ Քառակողմանի ձեւաչափի վերականգնման առաջադրանքն է, որ այս ձեւով պաշտօնապէս կ՚արծարծուի Փարիզի կողմէ: Յայտնապէս Ուաշինկթընի պատուէրով՝ Փարիզ կ՚առաջնորդուի առաջնագիծ այս բոլորին մէջ: Ֆրանսան է, որ ներկայացուցած է այս հարցի քննարկումը ամփոփող յայտարարութեան նախագիծը:

Բովանդակային եւ շեշտադրումներու առումով բաւական տարբեր է Ռուսաստանի դիրքորոշումը: ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսաստանի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ իր երկիրը կ՚ակնկալէ, որպէսզի Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը կապող Լաչինի միջանցքով փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան վերականգնումը տեղի ունենայ շուտով: Ռուսաստանի ներկայացուցիչին խօսքէն այնպէս կը հասկցուի, թէ Մոսկուան է, որ եռակողմանի պայմանաւորուածութիւնները իբրեւ հսկող՝ կ՚աշխատի միջանցքի բացման ուղղութեամբ: Բանակցութիւններ կը տանի կողմերուն հետ եւ կ՚ազդարարէ միջանցքի վերաբացումը շուտով: Չկայ հասցէականութիւն, չկայ մեղադրանք կամ դատապարտանք եւ չկան նաեւ փակումի ծանր հետեւանքներուն մասին նշումներ: Այստեղ քաղաքական նոյն տրամաբանութիւնն ու մօտեցումը կ՚իշխեն: Մոսկուա պարզապէս լաւ ըմբռնած է, որ միջնորդական հակամարտութեան շրջածիրին մէջ պէտք է պահէ գերմիջնորդի բացառիկ իրաւունքը եւ, ըստ էութեան, պարզ դարձնէ, որ միջանցքը վերաբանալու գործնական աշխատանքները ի՛նքն է, որ կը տանի: Իսկ միջնորդի կարգավիճակի պահպանման համար հաւասար հեռաւորութիւն պահելու կանոնները պէտք է յարգուին: Ուղերձը նաեւ այն է, որ շնորհիւ Մոսկուայի ղեկավարած բանակցութիւններուն կազամատակարարումը վերականգնուած է, նոյն հետեւողութեամբ միջանցքի մասնակի ապաշրջափակուած է եւ հիմա կ՚ակնկալուի միջանցքի բացումը: Ռուսաստանի ղեկավարած այս բանակցութիւններուն կը կապուի նաեւ Ատրպէյճանի «բնապահպաններու» այցելութեան արտօնութիւնը խնդրոյ առարկայ հանքավայրեր: Մոսկուայի ուղերձը պարզ է. գետնի վրայ իրավիճակի փուլային հանգուցալուծումը կը կատարուի իր իսկ ջանքերով:

Ուշագրաւ բաժին կայ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչի խօսքին մէջ: Հայաստան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կոչ կ՚ուղղէ՝ քայլերու ձեռնարկել, Ատրպէյճանէն դադրեցնել Լաչինի միջանցքի փակումը, ինչպէս նաեւ փաստահաւաք առաքելութիւն տեղակայել Լաչինի միջանցքին մէջ: Հայաստանի ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ խաղաղապահ առաքելութեան ջանքերը չեն արդիւնաւորուած, ուստի հրամայական է, որ ՄԱԿ-ը ներգրաւուի փաստահաւաք առաքելութեամբ: Կը պահանջուի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն՝ գործադրել տալ 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան պայմանաւորուածութիւնները:

Այստեղ խառն բաժին կայ. ակնկալել ՄԱԿ-էն, որպէսզի Ատրպէյճանին պարտադրէ եռակողմանի համաձայնութիւնները իրականացնել։ Սա կ՚ենթադրէ 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան ապահովել միջազգային ճանաչում, հաստատել ռուսական միջնորդութեան օրինականութիւնը, հետեւաբար նաեւ համաձայնիլ տարածաշրջանի ապաշրջափակման համար բացուելիք նոր ուղիներուն վրայ ռուսական զինեալ ուժերու վերահսկողութեան: Միաժամանակ, սակայն, ՄԱԿ-էն պահանջել ներգրաւուիլ ապաշրջափակման գործընթացին՝ փաստահաւաք առաքելութիւն իրականացնելով:

Այս բոլորէն կրնայ բխիլ յայտարարութիւն մը՝ այժմ կոչի սահմաններուն մէջ: Այս ձեւով, սակայն, կը սկսի նոր ընթացակարգ մը՝ հետզհետէ ճնշելու համար Ատրպէյճանի վրայ՝ ոչ անպայման մարդասիրական նպատակներով, այլեւ՝ տարածաշրջանին մէջ ռուսական ազդեցութեան գօտիներու հակակշռման մղումներով:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2022