ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿ

Հայաստանի կառավարութիւնը տարածաշրջանային բարդ պայմաններու ներքեւ կը շարունակէ հետամուտ մնալ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին։ Մասնագէտներ համոզուած են, թէ այս նախագծի կենսունակութիւնը կախում ունի նաեւ գերտէրութիւններու կողմնորոշումներու յստակեցումէն։

«Արմէնփրէս» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ, քաղաքագէտ Արմէն Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը Կովկասի մէջ բարդացած ու սրած է։ Արդարեւ, որոշակի փոխյարաբերութիւններու եւ կանոններու խախտման ժամանակաշրջանէ մը կ՚անցնի տարածաշրջանը, ուր կայ նաեւ կայուն սահմաններու հարցը։

«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին Թրամփի ընտրուելէն յետոյ մտահոգիչ են իր յայտարարութիւնները, որոնք միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն նոյնիսկ անընդունելի են՝ մինչդեռ իր կողմնակիցները կը տարածեն այդ յայտարարութիւնները, թէկուզ անոնք միտուած են ներքին լսարանին եւ ունին ամերիկացիներու շրջանակէն ներս հայրենասիրական զգացումներու ալիք բարձրացնելու նպատակ։ Բոլոր դէպքերով, հաշուի առնելով ԱՄՆ-ի կլոպալ դերակատարութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ՝ այդ յայտարարութիւնները չեն նպաստեր անվտանգային համակարգերու ամրապնդման», համոզուած է քաղաքագէտը։

Իր վերլուծութեան մէջ Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ եթէ Թրամփ կարող է ՆԱԹՕ-ի անդամ Դանիոյ ներկայացնել չհիմնաւորուած տարածքային պահանջներ, ապա այդ պարագային «ի՛նչ կրնայ խանգարել Ատրպէյճանը եւ նման երկիրները, որպէսզի անոնք ալ նոյն ձեւով չվարուին իրենց հարեւաններուն հետ»։

Անդրադառնալով Հայաստանի կողմէ յառաջ քշուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին՝ քաղաքագէտը ընդգծեց, որ այսօր սկսած է քաղաքական գործարկներու շրջափուլ մը՝ ինչպէս այժմու իրադրութիւնը կ՚որակէ Թրամփ։ Այդ գործարկները պիտի կատարուին խոշոր երկիրներու միջեւ եւ անոնք պիտի որոշեն, թէ ո՛ր ուղղութիւներով պիտի անցնին ճանապարհները՝ առաւել եւս, որ Հարաւային Կովկասէ ներս կան ակնյայտ բախուող շահեր ու տակաւին յստակ չէ՝ գերտէրութիւնները պատրա՞ստ են փոխզիջումներու կամ ոչ։ Ըստ իրեն՝ կողմնորոշումներու յստակեցումէն վերջ պարզ պիտի դառնայ, թէ որքան կենսունակ կ՚ըլլան մօտեցումներն ու նախաձեռնութիւնները։

«Ստեղծուած իրավիճակին մէջ մեր երկրի ղեկավարութիւնը պէտք է վերջնականապէս յստակեցնէ, թէ որտե՛ղ կ՚ուզէ տեսնել Հայաստանը՝ անվտանգային տեսակէտէ։ Այն փաստարկը, որ եթէ այս կամ այն երկրէն պոկուինք, ան մեզ կը պատժէ, հիմա այլեւս չ՚աշխատիր։ Հիմա պէտք է գործել լիովին հակառակ տեսանկիւնէն։ Ո՞ր երկիրներն են, որոնք Հայաստանի հետ այս տարածաշրջանին մէջ ունին ընդհանուր շահեր եւ պատրաստ են մեզի հետ միասին այդ շահերը պաշտպանել։ Այսինքն՝ պէտք է յստակեցուի ռազմավարական մօտեցումը։ Անհրաժեշտ է քայլեր առնել դէպի այն երկիրները, որոնք պատրաստակամութիւն կը յայտնեն համագործակցելու Հայաստանի հետ՝ ներառեալ ռազմավարական ոլորտէ ներս։ Այդպիսիներու շարքին են, օրինակ, Ֆրանսան եւ Հնդկաստանը», նշեց Յովհաննիսեան։

«Մարդկութեան պատմութիւնը երբեք իտէալական չէ եղած։ Սովորաբար լուսաւոր ուղեղներու մէջ ծնած յղացքները չեն իրագործուած՝ առանց լուրջ խոչընդոտներու։ Որեւէ երկրի քաղաքական վերնախաւ կը ձգտի հասնիլ իրեն համար լաւագոյն իրատես որոշումներու, բայց ճանապարհը կրնայ ըլլալ բաւական բարդ։ Մենք ունինք 20-րդ դարու փորձառութիւնը, երբ պահանջուեցան երկու աշխարհամարտեր, տեղական ծանր հակամարտութիւններ՝ մինչեւ որ ձեւաւորուեցաւ Հելսինքիի միջազգային ճարտարապետութիւնը։ Մենք պէտք է շարունակ ըլլանք աչալուրջ եւ կատարենք իրատես ու անվտանգային առումով հաշուարկուած քայլեր», ըսաւ քաղաքագէտը, որու կարծիքով՝ միանգամայն հնարաւոր է, որ գերտէրութիւններու աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը Հարաւային Կովկասէ ներս իրատես հանգուցալուծումներ բերէ իր հետ, սակայն, անոնք կրնան անցնիլ սրացումներու ու նոյնիսկ բախումներու ընդմէջէն։

Հարկ է նշել, որ վերլուծութեան մէջ մասնաւոր անդրադարձ կատարուած է Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, Թուրքիոյ ազդեցութեան ծաւալման, ինչ որ տարածաշրջանային լուրջ գործօն մը կը նկատուի։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024