ԹՈՒՐՔԻԱ ԽՈՐ ՅՈՒԶՈՒՄ Կ՚ԱՊՐԻ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԷՆ ՀԱՍԱԾ ՉՈՐՍ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԼՈՒՐԵՐՈՎ

Թուր­քիա դար­ձեալ խոր յու­զում կ՚ապ­րի Տիար­պա­քը­րէն հա­սած չորս նոր նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րով։ Տիար­պա­քը­րէ ներս, Սու­րի մէջ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը ա­նընդ­հատ կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը՝ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։ Երբ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը կը փոր­ձեն շրջա­նէն ներս ոչն­չաց­նել ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն կող­մէ լա­րուած թա­կարդ­նե­րը, զու­գա­հե­ռա­բար կ՚ապ­րուին բա­խում­ներ։ Ե­րէկ այդ բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցան ե­րեք զի­նուո­րա­կան­ներ՝ Եի­ղիթ­ճան Չի­ղա, Օս­ման Ա­թէշ, Էօզ­կիւր Էր­տո­ղան եւ ոս­տի­կա­նու­թեան փոխ-կո­միա­սար Զե­քե­րիա Պիլ­կէն։ Վեց զի­նուոր ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լէն կարգ մը թեր­թեր կը գրեն, որ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը Սու­րի մէջ կրակ բա­ցած են պատ­մա­կան ե­կե­ղե­ցիի մը զան­գա­կա­տու­նէն։

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, վեր­ջին բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­հա­բե­կիչ­նե­րը տուին քսան կո­րուստ։ Ընդ­հա­նուր հա­շուար­կով մա­հա­ցած ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն թի­ւը բարձ­րա­ցաւ 744-ի։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016