ԸԼԼԱԼ ՊԱՏՐԱՍՏ…
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի նախկին ռուս համանախագահ Վլատիմիր Քազիմիրով յայտարարեց, որ անկարելի է որոշել Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը առանց իր իսկ մասնակցութեան։ Ռուս փորձառու դիւանագէտը «Արմէնփրէս» գործակալութեան վերջերս տուած հարցազրոյցին մէջ մեկնաբանեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի առկայ հարցերը, լուծման հեռանկարները՝ մանաւանդ անցեալ Ապրիլին տեղի ունեցած քառօրեայ պատերազմի լոյսին տակ։ Ան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցին մէջ Ռուսաստանի միջնորդութեան առաքելութեան ղեկավարն է եւ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի լիազօր ներկայացուցիչը այս նիւթին շուրջ։
Քազիմիրովի խօսքերով, 1996 թուականի ամրան ինք թողած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահի պաշտօնը ու տակաւին յոյս ունէր, թէ յառաջընթաց կ՚ըլլայ Լեռնայի Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ։ «Մէկ կողմէ կը թուէր՝ որ նախորդ տարիներու կարգաւորման թափը կորսուած չէ, իսկ միւս կողմէ յառաջացաւ Լիզպոնի փակուղին», ըսաւ ան։ Ծանօթ է, որ 1996 թուականին ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովին ժամանակ Հայաստան պարտաւորուած էր օգտագործելու իր վեթոյի իրաւունքը՝ առանձին դիմադրելով միջազգային ընտանիքին դէմ։ Այդ փուլէն վերջ ըստ Քազիմիրովի, նոր յոյսերու ծնունդ տուաւ՝ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի մասնակցութեամբ ձեւաւորուած նոր համանախագահութիւնը։ Այդ ժամանակ քիչեր կրնային կանխագուշակել, որ հակամարտութեան երկարաժամկէտ սառեցում մը կ՚ըլլայ՝ լի բազմաթիւ դէպքերով, հակառակ անոր, որ դէպքերն ու բախումները արդէն իսկ կանխորոշուած էին, երբ Պաքու հրաժարեցաւ իր զօրքերը ետ քաշել շփման գիծէն հրադադարի հասնելէ անմիջապէս վերջ։
Վլատիմիր Քազիմիրով մեկնաբանեց այն դիտարկումը, թէ բացի քաղաքական դէմքերէ, տարիներու ընթացքին կարծես ոչինչ փոխուած է ղարաբաղեան հարցին մէջ։ Աւելին՝ թատրերգութիւնը նոյնութեամբ կը կրկնուի. բան մը, որ պատահեցաւ Ապրիլին։ Քազիմիրով այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Կը կարծեմ՝ բացի դէմքերէն, պարբերաբար մասնակիօրէն փոփոխութեան ենթարկուած են միջնորդներու մօտեցումները կարգաւորման առանձին խնդիրներու լուծման վերաբերեալ։ Այնուամենայնիւ, գրեթէ անփոփոխ մնացած են հակամարտ կողմերու կոշտ դիրքորոշումները, կայ կառուցողականութեան պակաս»։
Ռուս դիւանագէտը անդրադարձաւ նաեւ անցեալ Ապրիլի քառօրեայ պատերազմին։ Թէ ի՞նչքանով սպասելի էր ան եւ ի՞նչով պայմանաւորուած։ Ի պատասխան ան յայտնեց, որ Ապրիլի ռազմական գործողութիւնները դժուար թէ սպասելի ըլլային իրենց ծաւալով։ Այնուամենայնիւ, այդ պատերազմը պայմանաւորուած էր Պաքուի իշխանութիւններու ձգտումով՝ ամէն ձեւով ցոյց տալու համար, թէ չեն հաշտուիր 1991-1994 թուականի պատերազմի արդիւնքներուն հետ։
Ապրիլի պատերազմէն յետոյ կատարուեցան բազմաթիւ յայտարարութիւններ, սակայն յստակ չնշուեցաւ նախայարձակ կողմը։ Սա կարեւոր հանգամանք մը չէ՞։ Քազիմիրով ըսաւ. «Նման իրավիճակներու մէջ արդարացուած չէ նոյնիսկ միջնորդներու, պետական եւ քաղաքական առաջնորդներու չէզոք մնալու ձգտումը, առաւել եւս մամուլին ալ պարագային։ Հազիւ թէ ոեւէ մէկը չի հասկնար, որ ինչպէս սկսաւ Ապրիլի պատերազմը, նոյնիսկ եթէ չէր խօսեր այդ մասին»։
Հաշուի առնելով, որ շատ կարճ ժամանակ մը համեմատաբար հանդարտ մնալէ վերջ Ատրպէյճան վերջերս դարձեալ կ՚ընթանայ իրավիճակը սրելու ճանապարհով՝ գործակալութեան թղթակիցը հարց տուած է, որ ի՞նչ երաշխիքներ կարելի է ունենալ, թէ Ատրպէյճան վերստին պիտի չսանձազերծէ յարձակում մը եւս։ Ըստ Քազիմիրովի, այդ բանին պատրաստ պէտք է ըլլան թէ՛ լրագրողները եւ թէ համանախագահները։
Միջնորդները բազմիցս կրկնած են ու կը շարունակեն կրկնել, որ հարցի լուծումը քաղաքական է, ան պիտի լուծուի խաղաղ ճանապարհով, սակայն աւելի քան քսան տարիէ ի վեր իրավիճակը կ՚ապացուցանէ հակառակը։ Այսքան տարիէ ի վեր Ատրպէյճանի դիրքորոշումը չէ փոխուած։ Ի՞նչ կարելի է ըսել այս մասին։ «Կը կարծեմ՝ համանախագահներու դատողութիւնները այս առումով ճիշդ են։ Պաքուի անյագուրդ ցանկութիւնը բանակցութիւններու ընթացքին, պատերազմի տարիներու ընթացքին կորսնցուցածը ետ բերելու ուղղութեամբ՝ ակնյայտօրէն սխալ հաշուարկներու պատճառով, կրնայ յառաջացնել միայն որոշ չափով ցաւակցանք կամ կարեկցանք, սակայն ոչ համանախագահներու ըմբռնումը կամ հաւանութիւնը։ Ատրպէյճանի վերնախաւէն երկար ժամանակ կը պահանջուի իրականութիւնը հասկնալու համար», պատասխանած է Վլատիմիր Քազիմիրով։ Ներկայիս չի բացառուիր, որ յառաջիկային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները ունենան նոր հանդիպում մը։ Նկատի ունենալով, որ նախորդ հանդիպումները խնդրի լուծման առանձնապէս որեւէ նպաստ չեն բերած կողմերէն մէկուն ոչ-շինիչ դիրքորոշման հետեւանքով, ի՞նչ կարելի է ակնկալել այժմ այս նոր հաւանական հանդիպումէն։ Քազիմիրով համոզուած է, որ նման հանդիպումները աջակցութեան արժանի են, նոյնիսկ եթէ շատ քիչ բան կու տան գործնականին մէջ։
Լեռնային Ղարաբաղը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ բերելը կրնա՞ր ձեւով մը ազդեցութիւն ունենալ գործընթացին վրայ։ Քազիմիրովի խօսքերով, սա սկզբունքայնօրէն կարեւոր հարց մըն է, ինչպէս Ղարաբաղի մասնակցութիւնը հրադադարի, նաեւ հրադադարի դրութեան ամրապնդման ուղղեալ համաձայնագրի կնքման։ «Անկարելի է որոշել Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը առանց իր մասնակցութեան, նոյնիսկ եթէ այս մասնակցութիւնը չապահովէ ցանկալի արդիւնք», ըսաւ Քազիմիրով։
Հարցազրոյցի վերջաւորութեան հիմնախնդրի լուծման վերաբերեալ իր անձնական դիրքորոշումը բացատրելով Վլատիմիր Քազիմիրով ըսաւ. «Հաւատարիմ կը մնան այն տեսակէտին, որ նախանշուած էր ԱՊՀ-ական երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդին կողմէ 1994 թուականի Ապրիլի 15-ին՝ հրադադարէն ամիս մը առաջ։ Այդ ժամանակ պետութիւններու ղեկավարները՝ ներառեալ Հայտար Ալիեւն ու Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը կողմնակից եղան, որ պէտք է անցնիլ ողբերգական առճակատման հետեւանքներու վերացման ոչ թէ զինադադարէն, այլ միայն հրադադարի վստահելի ամրապնդումէն յետոյ։ Իսկ արդեօք հիմա այս բանը կա՞յ, ո՞ւր է ան։ Դէպի ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծումը տանող ճանապարհը հրադադարի վստահելի ամրապնդումն է։ Առանց այս բանին հնարաւոր չէ յառաջընթաց ունենալ լուծման ուղղութեամբ»։