ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Վերջերս տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի մշակութային ամենէն սպասուած ձեռնարկը՝ «Լոս Անճելըս արթ շոու»ն, որուն շրջագծին մէջ աշխարհի շուրջ տասնութ երկիրներու մասնակցութեամբ աւելի քան իննսուն պատկերասրահներ ներկայացուցին նկարչութեան, քանդակագործութեան, լուսանկարչութեան ժամանակակից, նաեւ դասական նմոյշներ:
Հեղինակաւոր պատկերասրահներու հսկայ ցուցասրահին մէջ իր ոճով ու գոյներով առանձնայատուկ էր միակ հայկական ցուցասրահի «Արարատ» տաղաւարը, որ կը ներկայացնէր Հայաստանի մէջ ստեղծագործող արուեստագէտներ, նկարիչներ եւ քանդակագործներ: «Արարատ» ցուցասրահի հիմնադիր-տնօրէն Արմէն Վահանեան յայտնեց, որ սոյն ցուցադրութեան հիմնական նպատակներէն է քաջալերել ժամանակակից հայ արուեստագէտները եւ առիթ ստեղծել անոնց՝ ներկայանալու աշխարհին: Ան նկատել տուաւ, որ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած է Հայաստանի նկարիչներու խմբային ցուցադրութիւն մը «Լոս Անճելըս արթ շոու»ին մէջ: Ան յայտարարեց, որ «Արարատ»ը շուտով կ՚ունենայ հիմնական ցուցասրահը «Փեսիֆիք տիզայն սենթըր»ին մէջ:
Բաց աստի, հայկական տաղաւարին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին ութ հայ արուեստագէտներ՝ Տիգրան Ձիթողցեան, Վահագն Իգիթեան, Տարօն Մուրատեան, Վահրամ Դաւթեան, Գաբրիէլ Մանուկեան, Վաչագան Իսպիրեան, Այվազ Աւոյեան, Վարուժան Վարդանեան: