ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ խնամակալութեան ծրագրի տարեկան ճաշկերոյթը։ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեան տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ ձօնուած էր թեմի հաստատման 90-ամեայ յոբելեանին։ Խնամակալութեան ծրագրի տարեկան ճաշկերոյթը հանդիսացաւ մեկնարկը՝ յառաջիկայ շրջանին նախատեսուած ձեռնարկներու եւ տօնախմբութիւններու շարքին։
Ըստ Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան, ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Հալիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ կից՝ հրապուրիչ «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ: Աւելի քան երկու հարիւր հիւրեր՝ ներառեալ հոգեւորականներ, բարերարներ, նուիրատուներ եւ խնամակալութեան օժանդակողներ ներկայ գտնուեցան այս բացառիկ ձեռնարկին:
Սքանչելի կերպով պատրաստուած յայտագրին բացումը եւ բարի գալստեան խօսքը կատարեց Սիլվա Քաջիկեան: Հանդիսականները ուրախութեամբ դիտեցին Արեւմտեան Թեմի Խնամակալութեան ծրագրի սեպուհ առաքելութիւնը ներկայացնող տեսաերիզը: Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Խնամակալութեան ծրագրի շնորհիւ համալսարանէն շրջանաւարտ եղած Տ. Մեսրոպ Քահանայ Աշ:
Իր սրտի խօսքին մէջ Թեմական խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան անդրադարձաւ Խնամակալութեան ծրագրի շնորհիւ արձանագրուած բացառիկ յաջողութիւններուն, որուն յատկացուցած կրթաթոշակի միջոցաւ խումբ մը երիտասարդ հոգեւորականներ պատրաստուած էին թեմէն ներս ծառայութեան համար: Կանիմեան անդրադարձաւ նաեւ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հով-ւական ղեկավարութեամբ յաջողած այս կենսական ծրագրին, որ չէր կրնար յաջողիլ առանց Խնամակալութեան ծրագրի ատենապետ Տքթ. Վահրամ Պիրիճիքի նուիրեալ եւ յարատեւ ջանքերուն՝ համագործակցութեամբ յանձնախումբի անձնուէր անդամներու ծառայութեան:
Աւելի վերջ, ատենապետ Տքթ. Վահրամ Պիրիճիք իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ցուցաբերած քաջալերութեան եւ տուած ուղղութիւններուն համար։ Ապա յատկապէս անդրադարձաւ Խնամակալութեան ծը-րագրի շնորհիւ քահանայութեան թեկնածու սարկաւագներու ծառայութեան կոչումին՝ իրենց կեանքի նպատակը դարձնելու ծառայել Աստուծոյ հօտին՝ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին:
Հանդիսականները հոգեպէս մխիթարուած եւ գոհունակ սրտով բաժնուեցան «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնէն՝ մեծապէս գնահատելով Խնամակալութեան ծրագրին արձանագրած յաջողութիւնները: