ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ԲԱՑՈՒՄ
Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի բացումը:
Դպրոցի բացումով Սպանիոյ մէջ ապրող հայ մանուկները այսուհետեւ հնարաւորութիւն պիտի ունենան պահպանելու հայ խօսքը եւ ծանօթանալու հայ մշակոյթին ու պատմութեան: Դպրոցի ուսուցիչները յայտնեցին, որ դպրոցի բացման հիմնական նպատակն է օտարութեան մէջ ապրող հայ մանուկը դարձնել տառաճանաչ, որպէսզի չմոռնայ իր արմատները, լեզուն ու գիրը: Հայոց լեզուի դասերու կողքին, դպրոցին մէջ պիտի իրականացուին երաժշտութեան, նկարչութեան, ազգային աւանդական պարի, հայոց պատմութեան ու Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան դասեր:
Բացման հանդիսութեան ընթացքին ուսուցիչները իրենց սաներուն եւ ծնողներուն ներկայացուցին դպրոցի գործունէութեան հիմնական սկզբունքներն ու դրոյթները՝ հաստատելով, որ իրենց կարելին պիտի ընեն դասերը հետաքրքրական եւ արդիւնաւէտ դարձնելու համար: Անոնք նաեւ նկատել տուին, որ կը նախատեսուի կազմակերպել տարբեր ձեռնարկներ, հանդիպում-զրոյցներ, շրջագայութիւններ՝ դպրոցի սաներուն մասնակցութեամբ:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը տրամադրած է գիրքեր, դասագիրքեր, իսկ դպրոցի բացման իրագործման մէջ մեծ ներդրում ունին Սպանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը եւ Մատրիտի Հայ Առաքելական Եկեղեցին: