ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ ՄԷՋ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահին մէջ ՀԲԸՄ-ի «Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբը հանդէս եկաւ ամերիկացի թատերագիր Քեն Լուտվիկի «Թենոր մը կ՚ուզուի» թատերախաղով, թարգմանութեամբ եւ բեմադրութեամբ Գրիգոր Սաթամեանի: «Թենոր մը կ՚ուզուի» թատերախաղը երկու արարնոց կատակերգութիւն մըն է, որ տեղի կ՚ունենայ 1930-ական թուականներուն, Օհայօ նահանգի Քլիվլընտ քաղաքին մէջ, ուր Շէյքսփիրի «Օթելլօ» երաժշտական թատրերգութեան գլխաւոր դերին համար հրաւիրուած է իտալացի նշանաւոր թենոր Թիթօ Մերելլի, որ ներկայացման օրը պանդոկ կը հասնի հիւանդ վիճակի մէջ եւ անկարող՝ ներկայացման մասնակցելու: Ստեղծուած կացութիւնը փրկելու համար օփերայի պատասխանատուները կը ստիպուին տեղական ուժերէն օփերայի աստղ դառնալու ձգտում ունեցող երիտասարդ մը բեմ բարձրացնելու: