ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Արցախի հայկական կրօնամշակութային ժառանգութեան պահպանման մարտահրաւէրը ներկայիս այժմէական դարձած է ամբողջ հայաշխարհէն ներս։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ բոլորը կը փորձեն իրենց նպաստը բերել այս կարեւոր պայքարին։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդարանն ալ նոյն նպատակին հետամուտ կազմած է նոր յանձնախումբ մը։ Առաջնորդարանի ջանքերով, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանի օրհնութեամբ, նորաստեղծ այս յանձնախումբը կազմուած է Արցախի հայկական մշակոյթի աշխատանքները հետապնդելու համար։ Այս յանձնախումբը անցեալ տարուան պատերազմէն անմիջապէս վերջ ստեղծուած է՝ ակադեմական պատրաստութիւնով անհատներէ եւ հոգեւորականներէ բաղկացեալ կազմով մը։ Արցախի վտանգուած հայկական ժառանգութիւնն ու համապատասխան վայրերը պաշտպանութեան տակ առնելու համար շարժման կ՚անցնի սոյն յանձնախումբը։ Նկատի ունենալով, որ հայկական կողմը Արցախէ ներս յանձնած է մեծ հողատարածք մը, որու վրայ կը գտնուին վանքեր, եկեղեցիներ եւ մշակութային առումով հարուստ վայրեր՝ այս աշխատանքային խումբը առաջնահերթ նպատակ որդեգրած է պաշտպանել ու պահպանել այդ գանձերը, միեւնոյն ժամանակ, աշխարհը տեղեակ պահել անոնց պատմական կարեւորութեան ու նշանակութեան մասին։

Նորաստեղծ յանձնախումբը կը գլխաւորէ «Լաֆայէթ» քոլէճի պատմութեան դասախօս տքթ. Ռաքել Կօշկարեան, որ անցեալի մէջ Արեւելեան թեմի «Գրիգոր եւ Քլարա Զօհրապ» տեղեկատուութեան կեդրոնի տնօրէնուհիի պաշտօնը վարած էր։ Յանձնախումբը անցեալ տարեվերջին ու ներկայ տարեմուտին ունեցած է շարք մը հանդիպումներ։ Հիմնական նպատակն է քննարկել այն միջոցառումները, որոնց մտաւորականները, ակադեմականներն ու հոգեւորականները կրնան միասնաբար ձեռնարկել՝ նպաստելու համար այն աշխատանքներուն, որոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ արդէն իսկ գործի դրուած են։

Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, յիշեալ հանդիպումներուն մասնակցեցան Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան (թեմական պատուիրակ եւ միջեկեղեցական պատասխանատու), Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն՝ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Սիմէոն Աբղ. Օտապաշեան, տքթ. Քրիստինա Մառանճը (Թաֆթս համալսարանի հայ արուեսի եւ ճարտարապետութեան դասախօս), տքթ. Նիքոլ Վարդանեան (Քոլոմպիայի համալսարանի Weatherhead East Asia բաժնի գործադիր տնօրէն) եւ Արմէն Սրկ. Թերճիմանեան։ Ժողովներուն մասնակցութիւն բերին նաեւ Անգլիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Բագրատ Վրդ. Պրճէկեան։

Այս յանձնախումբը գործի լծուած է երկու առանցքներու շուրջ՝ ապատեղեկատուութեան եւ ոչնչացման դէմ պայքար մղելու համար։ Վերջին հանդիպումներու ընթացքին յանձնախումբի անդամները քննարկեցին հայ եւ ոչ-հայ հասարակութիւնը դաստիարակելու ամենէն ազդու եւ արդիւնաւէտ հաւանական քայլերը՝ Արցախի պատերազմի աւարտին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած մշակութային եւ կրօնական վայրերու մասին։ Յանձնախումբը կը նախատեսէ կեդրոնանալ մշակոյթի կոթողներու պաշտպանութեան, տեղեկատուութեան, շահերու պաշտպանութեան եւ տուեալ վայրերու մէջ տօնակատարութեան նպատակներուն վրայ՝ միեւնոյն ժամանակ, համագործակցելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նորաստեղծ գրասենեակին, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին եւ Անգլիոյ թեմին հետ: 

Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեանի գլխաւորութեամբ՝ Մայր Աթոռի գրասենեակը նպատակ ունի շփումներ հաստատել միջազգային կազմակերպութիւններու հետ՝ Արցախի հայկական յուշարձաններու պահպանման համար։ Կը ծրագրուի միջազգային մակարդակով տեղեկատուութիւն մատակարարել վտանգի ենթակայ կրօնական եւ մշակութային յուշարձաններու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ համախմբել ու կազմել ակադեմական հետազօտութիւններու կամ հրապարակումներու էլէքթրոնիք շտեմարան մը։ Այս բոլորը պիտի ցոլացնեն Արցախն եւ անոր հին հայկական ժառանգութիւնը: 

Հրադադարէն ի վեր Ատրպէյճան կը շարունակէ իր ապատեղեկատուութիւնները եւ յառաջ կը տանի պատմութիւնը խեղաթիւրելու ուղղեալ արշաւ մը, որու նպատակն է Արցախի վանքերու, եկեղեցիներու պատկանելիութեան մասին թիւր տպաւորութիւն ստեղծել: Միեւնոյն ժամանակ, խաչքարերը կ՚ոչնչացուին, արգելքներ կը դրուին միջազգային մշակութային եւ օգնութեան խումբերու աշխատանքներուն, կը խոչընդոտուին այդ տարածքներու յուշարձաններու եւ վանքերու ստուգումները։

Աշխարհի հայ մտաւորականներու ստորագրութեամբ բազմաթիւ բողոքի բաց նամակներ ուղարկուած են համաշխարհային մշակութային զանազան կազմակերպութիւններու, որոնց կարգին է նաեւ՝ ՒՒՆԷՍՔՕ-ն։ Այս առթիւ Ատրպէյճանը դատապարտուած է տարածքաշրջանի մշակութային պատմութիւնը խեղաթիւրելու ուղղեալ փորձերուն համար: 

Նկատի ունենալով, որ վտանգ կը սպառնայ Արցախի հայկական ժառանգութեան վայրերուն՝ թեմական այս յանձնախումբը նպատակ ունի նպաստել տարածքաշրջանի հայկական յուշարձաններու վերաբերեալ փաստաթուղթեր ապահովելու, հսկելու եւ համակարգելու բոլոր հետազօտութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ, յանձնախումբը կը նախատեսէ հետեւիլ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի համապատասխան նոր հետազօտութիւններուն եւ այսպէսով պայքարիլ Ատրպէյճանի ապատեղեկատուութեան արշաւին դէմ։ Յանձնախումբը կը ծրագրէ դիմել սփիւռքահայերուն եւ ոչ-հայ բարեկամական շրջանակներուն, որպէսզի անոնց միջոցաւ արձագանգ գտնեն վտանգուած վայրերու կարեւորութիւնն ու պատմական արժէքը:

Այժմ վտանգուած հայկական ժառանգութեան կոթողներու ամենախորհրդանշականն է Դադիվանքը (9-13-րդ դարաշրջան), որ առաքելական դարաշրջանի ոճով կառուցուած է։ Հրադադարէն ի վեր Դադիվանքը մաս կը կազմէ այն գօտիին, որ Ռուսաստանի խաղաղապահներու հսկողութեան տակ կը գտնուի։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021