ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ԵՐԵՒԱՆԸ ԵՒ ՊԱՔՈՒՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա Լաչինի միջանցքին մէջ իրավիճակը կարգաւորելու համար կը շարունակէ աշխոյժ ջանքեր գործադրել։ «Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ՝ մշտական կապի մէջ են շահագրգիռ բոլոր կողմերուն հետ», ըսաւ Զախարովա եւ աւելցուց, որ ռուսական կողմը կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի լիովին ապաշրջափակուի Լաչինի միջանցքը՝ համաձայն 9 նոյեմբեր 2020 թուականի Երեւան-Մոսկուա-Պաքու հրադադարի յայտարարութեան։ Բաց աստի, Մոսկուա կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի Պաքու եւ Երեւան քաղաքական կամք դրսեւորեն առկայ տարաձայնութիւնները շուտափոյթ ձեւով յաղթահարելու համար։ «Ի տարբերութիւն արտաքին խաղացողներու մեծամասնութեան, ռուսական կողմը տեղւոյն վրայ իրական լուծումներ կը փնտռէ եւ մարդասիրական օգնութիւն կը ցուցաբերէ», ըսաւ Մարիա Զախարովա եւ աւելցուց, որ իսկ միւսները կը սահմանափակուին յայտարարութիւններով եւ լիցքաթափման կոչերով։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իր յայտարարութիւններուն մէջ Մարիա Զախարովա հաստատեց Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը՝ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններ կազմակերպելու ուղղութեամբ։ «Ռուսական կողմը կը հաստատէ իր պատրաստակամութիւնը՝ Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հովանաւորութեան ներքեւ բանակցութիւններ կազմակերպելու համար Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ։ Այս մասին մենք տեղեկացուցած ենք թէ՛ Երեւանին եւ թէ Պաքուին, նաեւ խօսած ենք հրապարակայնօրէն։ Մեր համոզմամբ, տեղւոյն վրայ պարբերաբար յառաջացած բարդութիւնները պէտք չէ դառնան խոչընդոտ, պատրուակ, սառեցնելու համար բանակցային գործընթացը եւ անհրաժեշտ է հնարաւորինս շուտ վերսկսիլ աշխատանքը Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր ուղղութիւններով՝ ներառեալ փոխադրութեան հաղորդակցութեան ապաշրջափակումը, սահմանազատումը, խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ շփումները», եզրափակեց Զախարովա։

Բաց աստի, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ հերթական անգամ տեղեկացուց, որ Արցախի ռուս խաղաղապահներուն հրամանատարութիւնը կը շարունակէ կողմերուն հետ բանակցութիւններ վարել՝ Լաչինի միջանցքի վերաբացումը ապահովելու նպատակով։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԴԵՍՊԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Միւս կողմէ, Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Ան ըսաւ, որ Հայաստան չէ հրաժարած Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) առաքելութեան տեղակայումէն։

«Գիտէք, որ միջպետական յարաբերութիւններու մէջ կրնան ըլլալ կարգ մը հարցեր, որոնք կը քննարկուին եւ որոնց համար լուծումներ կը գտնուին։ Ինչ կը վերաբերի ՀԱՊԿ-ի դիտորդներուն, ապա անոնցմէ ոչ ոք հրաժարած է։ Փաստաթուղթը, որ պէտք է Երեւանի մէջ ստորագրուէր ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի եւ միացեալ սպայակոյտի պետի՝ տարածաշրջանային այցելութեան արդիւնքով, չստորագրուեցաւ, որովհետեւ հայկական կողմը կը փափաքէր լրամշակել զայն։ Ահա այդ փաստաթուղթը լրամշակման փուլի մէջ է», նշեց դեսպան Յարութիւնեան՝ ԹԱՍՍ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, Վաղարշակ Յարութիւնեան հերքեց այն լուրերը, ըստ որոնց Հայաստան կը պատրաստուի դուրս գալ ՀԱՊԿ-էն։ Ընդհակառակն՝ հայկական կողմը կը ձգտի յարաբերութիւնները խորացնելու եւ ներկայ անկայուն ժամանակահատուածի մէջ այդ յարաբերութիւնները կը խորանան ու պիտի խորանան։

Շաբաթ, Յունուար 28, 2023