ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ՝ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ՈՒՂԱՐԿԵԼՈՒ ՈՐՈՇՄԱՆ ԴԷՄ

Մինչ Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի դէպի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը ուղարկել դիտորդական առաքելութիւն մը, Ռուսաստան երէկ պաշտօնապէս արձագանգեց այս նախաձեռնութեան։ Մոսկուա-Պրիւքսել առանցքին վրայ այս նիւթը դարձած է բաւական խնդրայարոյց։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ այս կապակցութեամբ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով շեշտուեցաւ, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) պատրաստ է շուտով առաքելութիւն մը տեղակայել Հայաստանի մէջ։ Մոսկուա համոզուած է, թէ Պրիւքսել շահագրգռուած չէ Անդրկովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատմամբ։ ԵՄ կը փափաքի այդ դիտորդական առաքելութեան միջոցաւ իր դիրքերը ամրապնդել Հայաստանի մէջ ու ճնշում բանեցնել Ռուսաստանի միջնորդական ջանքերուն վրայ։ Ըստ յայտարարութեան, ակնյայտ է, որ Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը աւելի ծաւալուն պիտի ըլլայ՝ քան անոր դիտարկման դրութիւնը, որ անցեալ տարուան վերջին ամիսներուն գործած էր Հայաստանի մէջ։

«Անդրկովկասէ ներս արտատարածաշրջանային գործօնի ամրապնդման հարցին մէջ Ռուսաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը չէ փոխուած։ Մենք որեւէ յաւելեալ արժէք չենք տեսներ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ ԵՄ-ի «փորձագէտներու» վերահսկողութենէն։ Եթէ Պրիւքսել անկեղծօրէն շահագրգռուած ըլլար Անդրկովկասէ ներս խաղաղութեան, ապա այդ առաքելութեան աշխատանքի պայմանները կը համաձայնեցուէին Ատրպէյճանի հետ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ ու շեշտուած, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ԵՄ-ի առաքելութիւնը կրնայ աշխարհաքաղաքական առճակատման պատճառ դառնալ ու սրել առկայ հակասութիւնները։

Ըստ նոյն յայտարարութեան, ԵՄ-ի առաքելութեան յայտարարուած քաղաքացիական բնոյթէն պէտք չէ տարուիլ, որովհետեւ այդ մէկը կը ձեւաւորուի ԵՄ-ի ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան շրջանակին մէջ՝ հաւանական բոլոր հետեւանքներով։ Մոսկուա կը շեշտէ նաեւ, որ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահները կ՚արձագանգեն Եւրոմիութեան դիտորդներու պահ-ւածքին։

Նոյն յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ, ընդհանրապէս, տարածաշրջանի մէջ իրավիճակի բարելաւման ամենակայուն ու տեւական հիմքը կը համարուին Երեւան-Պաքու-Մոսկուա առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի համաձայնութիւններն ու անոնց հետեւողական կատարումը։ Այս ամբողջին մէջ են բոլոր փոխադրութեան ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումն ու սահմանագծումը, երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան չափանիշներու համաձայնեցումը, հասարակութեան, փորձագիտական շրջանակներու եւ խորհրդարանականներու միջեւ եռակողմանի շփումներու զարգացումը։ Մոսկուա պատրաստ է ամէն ձեւով աջակցիլ այս ուղղութեամբ։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ

Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն ողջունեց ԵՄ-ի կողմէ դէպի Հայաստան դիտորդական առաքելութիւն մը ուղարկելու որոշումը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ ողջունելի են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ Եւրոմիութեան ջանքերը։ Այսպէս, ԱՄՆ կողմնակից է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղ բանակցութիւններուն։

Անդրադառնալով Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան՝ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբերներէն Վետանթ Փաթել ըսաւ. «Մասնաւորապէս՝ ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանի դերին, ապա ԱՄՆ չէ մասնակցած 2020 թուականի նոյեմբերին Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած հրադադարին, որ յանգեցուցած է ռուս խաղաղապահներու տեղակայման։ Ուստի, ես պարզապէս ոչինչ ունիմ այս հարցով առաջարկելու։ Բայց, ի հարկէ, ինչպէս գիտէք, սա շատ կարեւոր հարց մըն է պետական քարտուղարին համար։ Ան այս խնդրին նկատմամբ մեծ ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ ու խորապէս ներգրաւուած է»։

ՊՐԻՒՔՍԵԼԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Մոսկուայի այս հակազդեցութիւններէն վերջ Պրիւքսելն ալ արտայայտեց իր դիրքորոշումը՝ շեշտելով, որ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորումը պէտք չէ Եւրոմիութեան եւ Ռուսաստանի միջեւ մրցակցութեան պատանդ դառնայ։

ԵՄ-ի Արտաքին քաղաքական ծառայութեան բանբերը՝ Փեթեր Սթանօ մեկնաբանեց Մոսկուայի արձագանգը՝ Հայաստանէ ներս տարածաշրջանային կարգաւորման նպատակով երկամեայ եւրոպական առաքելութեան սկիզբին վերաբերեալ։ Ան ըսաւ.

«Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորումը պէտք չէ տարբեր դերակատարներու միջեւ որեւէ մրցակցութեան պատանդ դառնայ։ Ռուսաստան կը սխալի՝ յամառելով, որ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման հարցին մէջ ԵՄ-ի դերը ուղղուած է իր դէմ։ Ռուսաստան ակնյայտօրէն սխալ հասկցած է այս առաքելութեան նպատակը եւ կը շարունակէ սխալ գնահատել՝ համարելով ԵՄ-ի ներգրաւուածութիւնը տարածաշրջանէն ներս՝ որպէս Ռուսաստանի դէմ ուղղուած քայլ։ Աւելի կարեւոր է նաեւ, որ սա Ռուսաստանի գործը չէ։ ԵՄ-ի առաքելութիւնը սկսած է Հայաստանի իշխանութիւններու հարցման եւ ազատ որոշման հիման վրայ։ ԵՄ, ի հարկէ, այս հարցին շուրջ նոյնպէս կապի մէջ եղած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ»։

Բաց աստի, բանբերը ընդգծեց, որ ԵՄ նաեւ կը գիտակցի այն դերակատարութեան, որ Ռուսաստանը իրականացուցած է՝ 2020 թուականի նոյեմբերին պատերազմը դադրեցնելու համար։ «ԵՄ-ի առաքելութիւնը քաղաքացիական է եւ առանցքային դեր կ՚ունենայ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ՝ ԵՄ-ի գործադրած ջանքերուն աջակցելու ուղղութեամբ։ ԵՄ այս դերը ստանձնած է երկու կողմերու համապատասխան խնդրանքէն յետոյ», նշեց Սթանօ։ծաշըքսի այսօր ալ շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ, ու ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ ակա

Շաբաթ, Յունուար 28, 2023