ՍԻՍԻ ՊԱՔՈՒԷՆ ԴԷՊԻ ԵՐԵՒԱՆ

Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսի երէկ ձեռնարկեց տարածաշրջանային այցելութեան մը՝ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Իր ուղեւորութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Պաքուն, ուր ան երէկ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Էլ Սիսի այսօր ալ շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ ու ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։

Շաբաթ, Յունուար 28, 2023