«Հայաստանը Աստիճան է Դէպի Երկինք»
Ամերիկեան Thrillist կայքէջը Հայաստանը ներառած է այն ինն երկիրներու շարքին, ուր հնարաւոր է ապրիլ ամսական 1000 ամերիկեան տոլարով:
Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, կայքէջը կը գրէ, որ Հայաստանի մէջ համաշխարհային հռչակ ունեցող օփերայի ներկայացումը կ՚արժէ միայն 6 ամերիկեան տոլար:
«Համալսարանի շրջանաւարտները կը խօսին անգլերէն աւելի լաւ, քան դուն, իսկ ճատրակը այդ երկրին մէջ ազգային ժամանցի մէկ մասն է: Անոնք կ՚արտահանեն ուղեղներ: Նորաձեւութիւնն ու գինին լայնօրէն տարածուած են, իսկ միշտ բնական արտադրանքը զարմանալիօրէն աժան է», գրած է Thrillist-ը:
Կայքէջը նշած է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ կարելի է գտնել նիւթապէս հասանելի արկածներ: «Հայաստանը աստիճան է դէպի երկինք, այստեղ մեծ քանիոնատիպ ճանապարհը կը տանի դէպի խելացնոր Նորավանքի վանական համալիր», նշած է Thrillist-ը՝ ընդգծելով, որ տարուան մէջ երեք հարիւր արեւային օր ունեցող երկիրը աշխարհի լաւագոյն վայրերէն մէկն է:
Հայաստանի հետ ցուցակին վրայ ներառուած են նաեւ Պոլիվիան, Ֆիճին, Կրանատան, Լաոսը, Մոնթենեկրոն, Նեփալը, Նիքարակուան, Զիմպապուէն։
Բաց աստի, Thrillist կայքէջը, որուն գրասենեակը կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, հիմնուած է 2004 թուականին: Կայքէջի ամսական բաժանորդներուն թիւը կը հասնի 16 միլիոնի:
Միւս կողմէ, «Հայաստանը կը ձգտի օգտագործել իր հնագոյն ժառանգութիւնը, որ կը ներառէ եգիպտական բուրգերէն ա՛լ աւելի հին քաղաքակրթութիւն, ինչպէս նաեւ գինեգործական հարուստ աւանդոյթները՝ յառաջ մղելու զբօսաշրջութեան ոլորտը»: Այս մասին Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութեան մասին գրած է «Financial Times» խումբի «fDi Magazine» պարբերականը: «fDi Magazine»ի գըլ-խաւոր խմբագիր Քորթնի Ֆինկըր Հայաստանի մէջ հիւրընկալուած էր Դեկտեմբեր 1-2՝ Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամի հրաւէրով:
Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, «Երբ կը մտածենք հնագոյն վայրեր այցելութեան մասին, առաջին առթիւ կը մտաբերենք Աթէնքը, Հռոմն ու եգիպտական բուրգերը: Իսկ աշխարհի առաջին քրիստոնէական երկրի մասին, որ ունի վաղնջական քաղաքներէն մէկը, միանգամայն չենք յիշեր, որ Հայաստան կը ձգտի փոխել», գրած է Քորթնի Ֆինկըր:
Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղակայուած կառավարական շէնքի իր աշխատասենեակին մէջ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան «fDi Magazine»ի գլխաւոր խմբագրին ներկայացուցած է Հայաստանի պատմական հարստութիւնները: «Մենք աշխարհի ամենահին այն քիչ ազգերէն ենք, որ ունինք պետականութիւն: Երեւանը յիսուն տարիով աւելի մեծ է, քան Հռոմը», նշած է վարչապետը եւ աւելցուցած, որ մենք առաջինը ընդունած ենք Քրիստոնէութիւնը ու գրած սեփական այբուբենով:
Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Մկրտիչեան շեշտած է. «Հայաստան ունի զբօսաշրջային մեծ դրամագլուխ: Մենք ունինք մաքուր, պահպանուած բնութիւն, հիացմունք պատճառող մշակութային ու պատմական ժառանգութիւն, համեղ սնունդ, քոնիաք եւ գինի, ինչպէս նաեւ բացառիկ հոգեւոր տեսարժան վայրեր»:
Յօդուածագիրը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի գինեգործական հարուստ աւանդոյթներուն եւ յիշատակած այն փաստը, որ այստեղ՝ Արենիի քարանձաւին մէջ, յայտնաբերուած է աշխարհի հնագոյն գինեգործական հնձանը: Ան գրած է, որ, թէեւ Հայաստանը սկսած էր կատարելագործել քոնիաքի արտադրութեան իր ունակութիւնները, բայց վերջին տարիներուն գինեգործութիւնը կրկին վերածնունդ կ՚ապրի: