ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ «ԴԻՄԱԿԱՆՀԱՆԴԷՍ»Ը՝ ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ՍՊԵՆԴԻԱՐԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԷՆ ՆԵՐՍ
Մարտի 5-ին Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի կ՚ունենայ Արամ Խաչատրեանի «Դիմակահանդէս» պալէի առաջնախաղը:
Բեմադրութեամբ՝ թատրոնի գլխաւոր «պալետմայստըր» Վիլէն Գալստեանի եւ թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Կոնստանդին Օրբելեանի: Իսկ գլխաւոր դերերով հանդէս պիտի գան Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտներ՝ Ռուբէն Մուրատեան (Արբենին), Մերի Յովհաննիսեան (Նինա), Մարիա Դիւանեան (Շտրալ), Միլիտոն Կիրակոսեան (Զվեզդիչ), Գրիգոր Գրիգորեան (Անյայտը), սոփրանօ Տիանա Յարութիւնեան (Նինայի ձայն):
1941 թուականին Արամ Խաչատրեան ռուսական դասական երաժշտութեան աւանդոյթներով գրեց երաժշտութիւն Միխայիլ Լերմոնտովի «Դիմակահանդէս» տրամայի, իսկ 1954 թուականին Բ. Լաւրենեովի «Լերմոնտով» տրամայի բեմադրութիւններուն համար: 1982 թուականին, երաժշտահան Էտկար Յովհաննիսեան՝ այդ երկու տրամաներուն երաժշտութիւնը խմբագրելով, ստեղծեց «Դիմակահանդէս» պալէն, որ բեմադրուեցաւ Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնին մէջ եւ մեծ յաջողութիւն արձանագրեց:
«Ես կ՚ապրէի այդ տրամայով, երաժշտութիւնը սրտի թրթիռով կը գրէի: Իսկ թէ ինչպէս այն ծնունդ առաւ, բառերով դժուար է արտայայտել...», «Դիմակահանդէս» պալէի վրայ տարուող աշխատանքներէն ստացած իր տպաւորութիւնները հետագային այսպէս կը ներկայացնէր աշխարհահռչակ երգահան Արամ Խաչատրեան: