ԲԱԶԷԻ ԽԱՉՔԱՐԵՐԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի լու­սան­կա­րիչ Հրայր Բա­զէ Խա­չե­րեա­նի «Խաչ­քա­րեր» խո­րագ­րեալ պատ­կե­րա­գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը։ Այս գոր­ծը կ՚ընդգր­կէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի խաչ­քա­րե­րը։ Ա­նոնց­մէ մէկ քա­նի հա­տը Բա­զէի կող­մէ նկա­րա­հա­նուած են տա­րուան զա­նա­զան ե­ղա­նակ­նե­րուն։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, պատ­կե­րա­գիր­քի ներ­կա­յաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Մա­տե­նա­դա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ։

«Խա­չե­րեան է մա­կա­նունս. խաչ, խաչ­քար, խա­չե­լու­թիւն։ Սա իմ խաչն է, զոր կը կրեմ մեծ հա­ճոյ­քով։ Ալ­պո­մը 516 էջ է։ Նկա­րած եմ սահ­մա­նա­քա­րեր, քա­րա­կո­թող­ներ՝ կլոր, խա­չա­ձեւ։ Պատ­կե­րա­գիր­քը ե­րեք լե­զուով է՝ ֆրան­սե­րէն, անգ­լե­րէն, հա­յե­րէն։ Կը կար­ծեմ՝ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու լա­ւա­գոյն ձե­ւե­րէն մին պատ­կե­րա­գիրքն է», ը­սաւ հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Բա­զէ եւ ա­ւել­ցուց, որ ա­ռա­ջին խաչ­քա­րե­րը 1992 թուա­կա­նին լու­սան­կա­րած է Ար­ցա­խի մէջ, այ­նու­հե­տեւ ալ Հա­յաս­տա­նի եւ այն բո­լոր եր­կիր­նե­րուն մէջ, ուր կան հայ­կա­կան խաչ­քա­րեր։ Պատ­կե­րա­գիր­քին մէջ կան լու­սան­կար­նե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ինչ որ այդ մէ­կը հասկ­նա­լի եւ ըն­կա­լե­լի կը դարձ­նէ նաեւ օ­տա­րերկ­րա­ցի­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նա­կա­տար Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեան հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին նշեց, որ Հրայր Բա­զէ Խա­չե­րեան ար­հես­տա­վարժ լու­սան­կա­րիչ մըն է, հե­տա­զօ­տող մը, ա­ռա­ջա­մար­տիկ մը։ «Ան կը սա­ւառ­նի Հա­յաս­տա­նի լեռ­նե­րով, ե­ղած է հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հի բո­լոր կէ­տե­րուն վրայ եւ իս­կա­պէս բա­ցա­ռիկ աշ­խա­տանք մը կը կա­տա­րէ», ը­սաւ Տէր-Ղե­ւոն­դեան։

Բա­զէի ըն­կեր, Մա­տե­նա­դա­րա­նի գլխա­ւոր ա­ւան­դա­պահ, մայր ցու­ցա­կի եւ ձե­ռագ­րագ­րու­թեան ցու­ցա­կի վա­րիչ Գէորգ Տէր-Վար­դա­նեանն ալ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ գի­նե­ձօ­նի ըն­թաց­քին։ Ան ը­սաւ, որ Բա­զէի հետ ըն­կե­րու­թիւ­նը սկսած էր 2001 թուա­կա­նին։ «Սա իր 14-րդ ալ­պոմն է։ Ան կը կա­րո­ղա­նայ տես­նել կա­րե­ւո­րը։ Վստահ եմ, որ այս գիր­քը կրնայ ու­նե­նալ գի­տա­կան մեծ նշա­նա­կու­թիւն։ Հա­ւա­նա­բար մօ­տա­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն հան­րու­թեան պի­տի ներ­կա­յաց­նենք վանք, ձե­ռագ­րե­րու ծննդա­վայ­րեր եւ ձե­ռագ­րեր բո­վան­դա­կող նոր պատ­կե­րա­գիր­քը, ո­րու վրայ կ՚աշ­խա­տինք», շեշ­տեց Տէր-Վար­դա­նեան։ Բաց աս­տի, Տէր-Վար­դա­նեան ա­ւել­ցուց, որ մար­դու աչ­քը միշտ կա­րօտ է գե­ղե­ցի­կին, իսկ Բա­զէ կը կա­րո­ղա­նայ ընդգ­ծել եւ պատ­կե­րա­ւոր ներ­կա­յաց­նել այդ գե­ղեց­կու­թիւ­նը։ «Միշտ իր կող­քին կ՚ըլ­լամ ի շահ ազ­գիս հա­յոց», ը­սաւ Տէր-Վար­դա­նեան։

Շնոր­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին լու­սան­կա­րի­չը ցու­ցադ­րեց նաեւ կար­ճա­տեւ ժա­պա­ւէն մը՝ իր կա­տա­րած աշ­խա­տան­քին վե­րա­բե­րեալ։ Ա­ւե­լի վերջ ան ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցուց այն բո­լոր տա­րածք­նե­րը, ուր ինք ե­ղած է եւ լու­սան­կա­րած՝ խաչ­քա­րե­րը։

Հրայր Բա­զէ Խա­չե­րեան ծնած է Լի­բա­նա­նի մէջ։ Տասն­մէկ տա­րե­կա­նէն ի վեր կը հե­տաքրք­րուի լու­սան­կար­չու­թեամբ։ Ան լու­սան­կար­չա­կան փոք­րիկ սար­քով նկա­րած է դա­սըն­կեր­նե­րը, ծա­ռերն ու փո­ղոց­նե­րը։ Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին այդ զբա­ղու­մը մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցած է Բա­զէի հա­մար։ Ան թե­րեւս ա­մե­նա­շատ ե­կե­ղե­ցի­ներ նկա­րած լու­սան­կա­րիչն է։ Հա­յաս­տան գա­ցած է տա­կա­ւին Ար­ցա­խի գո­յա­մար­տի տա­րի­նե­րուն եւ ցայ­սօր կը շա­րու­նա­կէ լու­սան­կար­չու­թեան մի­ջո­ցաւ բա­ցա­յայ­տել ու ծա­նօ­թաց­նել հա­յոց աշ­խար­հը։ Իր ալ­պոմ­նե­րը կ՚ա­ռանձ­նա­նան բա­ցա­ռիկ ո­րա­կով ու միշտ կ՚ար­ժա­նա­նան մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան:

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017