ԿԱՐԵՒՈՐ՝ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան յայ­տա­րա­րեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը այ­լեւս աշ­խոյժ է եւ ա­ւե­լի քան եր­բեք անհ­րա­ժեշտ է, որ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ա­ջակ­ցի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ջան­քե­րուն։ Ե­րէկ Պրիւք­սե­լի մէջ ու­նե­ցած շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին ան փո­խան­ցեց այն յստակ պատ­գա­մը, թէ Հա­յաս­տան չի փա­փա­քիր, որ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րած­քաշր­ջա­նը ընկղ­մի պա­տե­րազ­մի մղձա­ւան­ջին մէջ։

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան ե­րէկ Պրիւք­սե­լի մէջ ու­նե­ցաւ շարք մը կա­րե­ւոր հան­դի­պում­ներ։ Այս­պէս, ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թուս­քի կող­մէ։ Բաց աս­տի, ան տե­սակ­ցե­ցաւ ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պեր­կի հետ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Սերժ Սարգ­սեան մէկ­տե­ղուե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ԵԺԿ) նա­խա­գահ Ժո­զէֆ Տո­լի հետ։ Այս բո­լոր հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին ան ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան։ Իր բո­լոր երկ­խօս­նե­րուն ան ներ­կա­յա­ցուց այս հիմ­նա­հար­ցի կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ հայ­կա­կան կող­մի մօ­տե­ցում­նե­րը, Ար­ցա­խի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի շփման գծի ի­րա­վի­ճա­կը, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի պար­բե­րա­կան խախ­տում­նե­րը, սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներն ու ի­րա­վի­ճա­կի լար­ման վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը։ Ըստ Սարգ­սեա­նի, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ լրջա­գոյն մար­տահ­րա­ւէր թէ՛ տա­րած­քաշր­ջա­նի եւ թէ Եւ­րո­պա­յի անվ­տան­գու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Ըստ ի­րեն, Հա­յաս­տան եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը այ­լընտ­րանք չեն տես­ներ խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման եւ ի տար­բե­րու­թիւն Ատր­պէյ­ճա­նի՝ բնաւ չեն փա­փա­քիր, որ­պէս­զի Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րած­քաշր­ջա­նը ան­գամ մը եւս ընկղ­մի պա­տե­րազ­մի մղձա­ւան­ջին մէջ։ Սարգ­սեան վե­րա­հաս­տա­տեց, որ Հա­յաս­տան ջանք պի­տի չխնա­յէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քան խմբա­կի հետ միաս­նա­բար հաս­նե­լու հա­մար հիմ­նախնդ­րի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։ Իր հա­մոզ­մամբ, սա նաեւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հա­ւա­քա­կան ըն­կա­լումն է։

Թուս­քի հետ Պրիւք­սե­լի մէջ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան ը­սաւ. «Բնա­կան է, որ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձանք նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին ու վե­րա­հաս­տա­տե­ցինք, որ ան չու­նի ռազ­մա­կան լու­ծում։ Որ­քան որ ալ հայ­կա­կան կող­մը պատ­րաստ է խե­լա­միտ փոխ­զի­ջում­նե­րու, այ­նուա­մե­նայ­նիւ այս խնդրին մէջ ե­լա­կէ­տա­յին է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ կամ­քի ար­տա­յայ­տու­թեամբ իր ա­պա­գան ո­րո­շե­լու ի­րա­ւուն­քը։ Այս­տեղ այլ ո­րե­ւէ մօ­տե­ցում չի կրնար ըլ­լալ։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը ոչ միայն հռչա­կուած է մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ, այ­լեւ վա­ղուց ար­դէն ճանչ­ցուած եւ ամ­րագ­րուած է այս հա­կա­մար­տու­թիւ­նով զբա­ղող միակ մաս­նա­գի­տա­ցեալ կա­ռոյ­ցի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու բազ­մա­թիւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Կը նշա­նա­կէ, որ սա ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի, այ­լեւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հա­ւա­քա­կան ըն­կա­լումն է այս հար­ցին շուրջ։ Մենք շնոր­հա­կալ ենք խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի վե­րա­բե­րեալ Եւ­րո­միու­թեան հա­ւա­սա­րակշ­ռուած դիր­քո­րոշ­ման հա­մար եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն վստա­հե­լու եւ ա­ջակ­ցե­լու բե­րու­մով»։

ՆԱ­ԹՕ-ի կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս, Եէնս Սթոլ­թեն­պեր­կի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ալ Սերժ Սարգ­սեան ը­սաւ. «Ան­շուշտ, անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցինք մեր տա­րած­քաշր­ջա­նի ա­մե­նա­պայ­թիւ­նավ­տանգ անվ­տան­գու­թեան մար­տահ­րա­ւէ­րին՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի վե­րա­բե­րեալ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն։ Այս հա­մա­տես­քին մէջ մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րե­ցի ՆԱ­ԹՕ-ի եւ ան­ձամբ Պա­րոն Սթոլ­թեն­պեր­կի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րուն՝ ուղ­ղուած Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։ Շնոր­հա­կալ եմ պա­րոն ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար, մե­զի ա­ջակ­ցե­լու հա­մար, ես նկա­տի ու­նիմ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն ի նպաստ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Ապ­րի­լեան պա­տե­րազմն ու ան­կէ վերջ շա­րու­նա­կուող կա­նո­նա­ւոր կրա­կա­հեր­թե­րը՝ ծանր հրե­տա­նիի եւ զի­նուո­րա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րու կի­րառ­մամբ, կը փաս­տեն, որ այ­լեւս այդ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը «աշ­խոյժ» է եւ այ­սօր ա­ւե­լի քան եր­բեք անհ­րա­ժեշտ է, որ­պէս­զի ամ­բողջ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը միա­ւո­րուի քա­ղա­քա­կիրթ լուծ­ման շուրջ՝ ա­ջակ­ցե­լով հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կին կող­մէ գոր­ծադ­րուող ջան­քե­րուն»։

Իր կար­գին, Տա­նըլտ Թուսքն ալ յայ­տա­րա­րեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կա­րիքն ու­նի շու­տա­փոյթ քա­ղա­քա­կան կար­գա­ւոր­ման։ Ըստ ի­րեն, կար­գա­վի­ճա­կը կա­յուն չէ։ Հար­ցը ռազ­մա­կան լու­ծում չու­նի։ Հա­կա­մար­տու­թիւ­նը փու­թով պէտք է կար­գա­ւո­րուի՝ ըստ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի։ «ԵՄ պի­տի շա­րու­նա­կէ լիո­վին ա­ջակ­ցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րուն եւ ա­ռա­ջարկ­նե­րուն», ը­սաւ Թուսք։

Իր կար­գին, Եէնս Սթոլ­թեն­պերկն ալ լիա­կա­տար ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նեց ի նպաստ այն գոր­ծըն­թա­ցին՝ որ կ՚ըն­թա­նայ ԵԱՀԿ-ի Մինք­սեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Իր խօս­քե­րով՝ ՆԱ­ԹՕ լիո­վին կ՚ա­ջակ­ցի այդ գոր­ծըն­թա­ցին։ Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց շփման գծի եր­կայն­քով շա­րու­նա­կա­կան բռնու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ՝ նե­րա­ռեալ, վեր­ջին օ­րե­րու բա­խում­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, կա­րե­ւոր է խու­սա­փիլ լա­րուա­ծու­թեան մագլ­ցու­մէն, ո­րով­հե­տեւ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը չու­նի ռազ­մա­կան լու­ծում եւ ա­նոր շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ետ կը պա­հէ տա­րած­քաշր­ջա­նը։ Սթոլ­թեն­պերկ կոչ ուղ­ղեց՝ որ­պէս­զի Հա­յաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան վե­րա­դառ­նան բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նի շուրջ եւ աշ­խա­տին հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։  

ԿՈՒԹԵՐԵՍ ՄՏԱՀՈԳ ԱՐՑԱԽԻ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՎ

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ան­թո­նիօ Կու­թե­րես յոր­դո­րեց՝ որ­պէս­զի ան­յա­պաղ վերսկ­սին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Հարկ է նշել, որ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կում մը գոր­ծադ­րած էին Ար­ցա­խի դէմ։ Եր­կու ուղ­ղու­թիւն­նե­րով նոյ­նա­ժա­մա­նակ ձեռ­նար­կուած յար­ձա­կու­մը կա­սե­ցուած էր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին կող­մէ եւ Ատր­պէյ­ճան ու­նե­ցած էր կո­րուստ­ներ ու վի­րա­ւոր­ներ։ Ան­ցեալ տա­րուան Ապ­րի­լի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն վերջ՝ սա Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րուած ա­մե­նա­մեծ յար­ձա­կու­մը հան­դի­սա­ցաւ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ան­թո­նիօ Կու­թե­րես ան­հանգս­տու­թիւն յայտ­նեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ի­րադ­րու­թեան սրման կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան յոր­դո­րեց պահ­պա­նել հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը եւ ան­յա­պաղ վերսկ­սիլ ա­ռար­կա­յա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի բան­բե­րը՝ Սթե­ֆան Տիւ­ժա­րիք այս առ­թիւ ը­սաւ. «Մենք ան­հանգս­տա­ցած ենք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ շփման գծի եր­կայն­քով նոր բա­խում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հա­ղոր­դում­նե­րէն։ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը կը պաշտ­պա­նէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ջան­քե­րը, ո­րոնք ուղ­ղուած են լա­րուա­ծու­թեան վտան­գա­ւոր մա­կար­դա­կի ի­ջեց­ման եւ ի­րադ­րու­թեան հե­տա­գայ սրման կանխ­ման»։

­Տիւ­ժա­րի­քի խօս­քե­րով, Կու­թե­րես կը յոր­դո­րէ ձեռն­պահ մնալ այն­պի­սի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէ, ո­րոնք կրնան վնաս հասց­նել հրա­դա­դա­րի վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նագ­րին։ Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը կոչ կ՚ուղ­ղէ, որ­պէս­զի ան­յա­պաղ վերսկ­սին հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ ա­ռար­կա­յա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի վեր­ջին յար­ձա­կում­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։ Այս առ­թիւ ընդգ­ծուե­ցաւ, որ Պա­քուի կող­մէ հրահ­րուած լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը խո­րաց­նէ շփման գծի վրայ անվս­տա­հու­թիւ­նը եւ կը հե­ռաց­նէ հա­կա­մար­տու­թեան վերջ­նա­կան կար­գա­ւոր­ման հե­ռան­կա­րը։ Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը մատ­նան­շեց, որ Փետ­րուա­րի 25-ի դէպ­քը կը հան­դի­սա­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ թէ՛ 1994-1995 թուա­կան­նե­րու հա­մա­ձայ­նագ­րե­րով եւ թէ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րով Պա­քուի կող­մէ ստանձ­նուած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու բա­ցա­յայտ ար­հա­մար­հան­քի հեր­թա­կան ա­պա­ցոյ­ցը։ Նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ընդգ­ծուած է՝ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը տա­պա­լե­լու եւ պա­տե­րազ­մի պատ­րաս­տուե­լու ուղ­ղեալ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց դէմ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ խիստ եւ հաս­ցէա­կան գնա­հա­տան­քի մը բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը։

«Կը կար­ծենք, որ ի պա­տաս­խան Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան՝ հար­կա­ւոր է հրա­ժա­րիլ հա­կա­մար­տու­թեան կող­մե­րուն ուղ­ղեալ ան­հաս­ցէ կո­չե­րէ եւ ջան­քե­րը ըն­դար­ձա­կել՝ հրա­դա­դա­րի դրու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի վերսկս­ման պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման շուրջ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու գործ­նա­կա­նօ­րէն ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար», նշուած է նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2017