ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ 12-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ
Հայ բժիշկներու 12-րդ միջազգային համաժողովը 31 Մայիս-2 Յունիս թուականներուն տեղի պիտի ունենայ Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Արժանթինի մայրաքաղաքին մէջ նախատեսուած այս հաւաքին համար արդէն սկսած են նախապատրաստական աշխատանքները։ Համաժողովի հիմնական նպատակն է՝ համախմբել առողջապահութեան ոլորտի աշխարհասփիւռ հայ մասնագէտները՝ ներկայացնելու համար այս բնագաւառի վերջին նորութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Որդեգրուած նպատակներէն մին է նաեւ հնարաւորութիւն ընձեռել գիտելիքի եւ փորձի փոխանակման համար։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ այս համաժողովը, որու կազմակերպիչներն են՝ FIDEC հիմնադրամը, «Իսթանպուլեան» հիմնադրամը եւ PLAS-ը (Առողջապահութեան լատինամերիկահայ արհեստավարժներ)։