ԼՈՒՐԵԱՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆ ՖԻՐԵՆՑԷԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ԱՌԹԻՒ

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-

2018 Փետրուար 14 թուակիր նամակով մը աբբայ Պերնարտօ Ֆրանչեսքօ Ճիաննի Ֆիրենցէի լերան «Սուրբ Մինաս (San Miniato al Monte) եկեղեցւոյ հազարամեակի ոգեկոչումներու ազգային յանձնախումբ»ին անդամակցելու պաշտօնական հրաւէր յղած է Իտալիոյ Հայոց միութեան նախագահ եւ Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրման Վենետիկի կեդրոնի տնօրէն Մինաս Լուրեանին։

Ֆիրենցէի առաջին քրիստոնեայ նահատակը՝ Սուրբ Մինիաթօ, Մինաս անունով հայ իշխան մը եղած է։ Ան հպարտ ու հարուստ մէկն էր, հաւատարիմ ծառայող Թրայանուս Տեչիուս կայսեր։ Սակայն քրիստոնէութիւնը ընդունելէ յետոյ թողած է պետական ծառայութիւնը եւ մակուսացած Թոսքանիոյ քարանձաւներէն մէկուն մէջ, որոշելով ապրիլ ճգնաւորի կեանք։ Կայսրը ատիկա դաւաճանութիւն համարած ու հրամայած է զայն ձերբակալել ու նետել գազաններու մէջ, որ յօշոտեն։ Բայց վարքագրութիւնը կը պատմէ, որ վայրի կենդանիները չեն մօտեցած իրենց տրուած զոհին։ Դահիճները, տեսնելով, որ Մինասը կենդանի է, կը գլխատեն։ 4-րդ դարուն Մինասի նախկին քարանձաւին վայրը փոքր մատուռ կը կառուցեն, բայց 1018-ին կը քանդեն ու տեղը կը կառուցեն եկեղեցի մը, որ կը համարուի Ֆիրենցէի ամենէն գեղեցիկներէն մէկը։ Սան Մինիաթօ ալ Մոնթէի ներսը՝ խորանի ետեւի մասը մեծ խճանկար մը կայ, ուր պատկերուած է Քրիստոսը. անոր աջին կը գտնուի Մարիամ Աստուածածինը, իսկ ձախին՝ հայ իշխանը, որ թագը կը դնէ Քրիստոսի գլխուն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018