ՀԱԿԱՀԱՅ ԵՒ ԱՅԼԱՏԵԱՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը պէտք չէ զրկուի մարդու իրաւանց հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններու հետ համագործակցելէ Ատրպէյճանի առարկութեան պատճառով. երկիր մը, որ տխրահռչակ է մարդու իրաւանց իսկ ոտնահարմամբ։

Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 37-րդ նստաշրջանի բարձր մակարդակով հանդիպման ժամանակ Եդուարդ Նալպանտեան երէկ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Յիշեցնելով Սումկայթի, Պաքուի, Գանձակի, Մարաղայի եւ այլ բազմաթիւ վայրերու մէջ հայերու դէմ կատարուած կոտորածները՝ Եդուարդ Նալպանտեան ըսաւ. «Ատրպէյճան ամէն միջոցի կը դիմէ՝ ձգտելով կոծկել այս ոճրագործութիւնները, խուսափիլ պատասխանատուութենէ ու շեղել ուշադրութիւնը անոնցմէ՝ շինծու մեղադրանքներով, ներառեալ այսպէս կոչուած Խոճալուի քարոզչական արշաւով, փորձերով ինքզինք ներկայացնել որպէս զոհ, իսկ հայերը վարկաբեկել զանոնք պիտակաւորելով իբրեւ բռնութիւններ իրականացուցած կողմ։ Սա Ատրպէյճանի հակահայկական այլատեաց քաղաքականութեան մաս կը կազմէ։ Ցայսօր Ատրպէյճան չէ դադրեցուցած հայերու դէմ այլատեացութեան քաղաքականութիւնը»։

Բաց աստի, Նալպանտեան յայտնեց, որ նմանօրինակ հակահայկական քարոզչութիւնը հրահրած է հայերու դէմ շարունակական վայրագութիւններ, ներառեալ 2016 թուականի Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումները՝ երեխաներու, կանանց, ծերերու սպանութիւնները, դիակապտութիւնները, գերեվարուած զինուորներու՝ տխրահռչակ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու բնորոշ ոճով գլխատումները։

ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները՝ Ռուսաստան, Ֆրանսա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ վերջին օրերուն իրերայաջորդ ձեւով անդրադարձան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ կատարուած ծայրայեղ յայտարարութիւններուն։ Երեւանի ղեկավարութեան բուռն բողոքին զուգահեռ՝ Մոսկուա, Փարիզ եւ Ուաշինկթըն եւս արձագանգեցին Ալիեւի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Հայաստանի մայրաքաղաքը Ատրպէյճանի տարածք է։

ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրաւ Պաքուին՝ որպէսզի հեռու մնայ բորբոքիչ յայտարարութիւններէ։ Ըստ պետական քարտուղարութեան, ամերիկեան կողմը կը պաշտպանէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու 11 Փետրուարի յայտարարութիւնը, որով հակամարտ կողմերուն կոչ ուղղուած է՝ զերծ մնալ բորբոքիչ յայտարարութիւններէ եւ սադրիչ գործողութիւններէ։ Ուաշինկթըն նաեւ կողմերուն կը յորդորէ յարգել 2017-ի Հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովի ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ բանակցութիւններու աշխուժացման եւ շփման գծին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղեալ քայլեր առնելու վերաբերեալ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւններն ալ վերջին օրերուն նման կոչերով հանդէս եկած էին։ 

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ

Այս մթնոլորտին մէջ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարեց, որ Պաքու կը փափաքի բանակցութիւնները աշխուժօրէն շարունակել։ Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 37-րդ նստաշրջանին ժամանակ Էլմար Մամետեարով յայտնեց, որ Պաքու չի բացառեր Արցախի հարցին շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ նոր հանդիպում մը՝ երկու երկիրներէն ներս յառաջիկային նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններէն վերջ։

«Երբ մենք վերջին անգամ խօսեցանք համանախագահներուն հետ, նկատի առինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ նախընտրական տրամադրութիւնները եւ համաձայնեցանք վերադառնալ քննարկումներուն՝ ընտրութիւններու փուլի աւարտին։ Կան հետաքրքրական գաղափարներ եւ մշակումներ, որոնք արդէն իսկ քննարկուած են Քրաքովի եւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած նախարարներու հանդիպումներուն ընթացքին։ Այնպէս, որ մենք լի ենք ցանկութեամբ ու եռանդով՝ բանակցային գործընթացը աշխուժօրէն շարունակելու համար», ըսաւ Մամետեարով։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ատրպէյճանցի նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ Պաքուի տեսակէտէ ներկայիս ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար այլընտրանք չկայ։ «Քանի դեռ դիւանագէտները չեն յոգնած, մենք պէտք է աւելի աշխուժացնենք այս գործընթացը, որովհետեւ բոլորն ալ գիտեն ի՛նչ պէտք է ընել, որպէսզի զօրքերը վերադառնան զօրանոցները, մարդիկ վերադառնան իրենց տուները եւ կրկին տիրէ խաղաղութիւնը։ Մենք համագործակցութեան միջոցաւ կը փափաքինք հասնիլ բոլոր խնդիրներու լուծման։ Միայն այդ ձեւով է, որ այս տհաճ գործընթացը տեղէն կը շարժենք», եզրափակեց Մամետեարով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018