ՍԱԼԻՀ ՄԻՒՍԼԻՄ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ. ԹՈՒՐՔԻԱ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ ՏՈՒԱՒ ՉԵԽԻՈՅ

Չեխիոյ մէջ ձերբակալուած ՓԵՏ-ՓՔՔ-ի նախկին համանախագահ Սալիհ Միւսլիմ երէկ դատուեցաւ Փրակի մէջ։ Երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ իր դռնփակ դատավարութիւնը, որու աւարտին ան ազատ արձակուեցաւ։ Այս դատավճիռը պատճառ դարձաւ Անգարայի բուռն բողոքին։ Թուրքիոյ ակնկալութիւնն էր, որ Սալիհ Միւսլիմ ժամանակաւոր ձեւով պիտի ձերբակալուէր։ Դատախազն ալ պահանջ ներկայացուց նոյն ուղղութեամբ։ Սակայն դատաւորը արձակեց ուրիշ վճիռ մը։ Ան հաւատք ընծայեց Սալիհ Միւսլիմի խօսքին, թէ պիտի մնայ Եւրոմիութեան տարածքէն ներս ու պիտի ներկայանայ դատավարութիւններուն։ Այսպէսով ան ազատ ձեւով դուրս եկաւ դատավարութեան սրահէն։

Այս կապակցութեամբ Թուրքիա շատ խիստ հակազդեցութիւն մը ցուցաբերեց եւ վերջնագիր ներկայացուց Չեխիոյ։ Կառավարութեան բանբեր Պեքիր Պոզտաղ այդ դատավճիռը որակեց որպէս յստակ զօրակցութիւն՝ ի նպաստ ահաբեկչութեան։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ հետապնդել Սալիհ Միւսլիմը։

Չեխական մարմիններն ալ արձագանգեցին Անգարայի հակազդեցութեան։ Այսպէս, եթէ թրքական կողմը պահանջէ Սալիհ Միւսլիմի արտայանձնումը, ապա չեխ իրաւասուները այդ պահանջը պիտի արժեւորեն՝ իրաւունքի յարմար ձեւով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018