ՍՊԱՆԱՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂ ԱՆՏՐԷՍ ՄՈՒՐԵՆՍԱ Կ՚ԱՇԽԱՏԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՈՉ-ԻՍԼԱՄ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՎՐԱՅ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սպանացի լրագրող Անտրէս Մուրենսան, որու հետ ունեցանք հաճելի զրոյց մը։ Անտրէս Մուրենսա 2005 թուկանէն ի վեր կ՚ապրի ու կ՚աշխատի քաղաքիս մէջ՝ ամուսնացած ըլլալով թուրք տիկնոջ մը հետ։ Ան կ՚աշխատակցի «Էլ Փայիս» աշխարհահռչակ օրաթերթին, ինչպէս նաեւ revista5W.com կայքէջին համար։ Այս վերջինը կը գործէ շուրջ երկու տարիէ ի վեր եւ իր թողարկումները կը կատարէ մասնաւոր բաժանմունքներու համար։ Կայքէջը ունի առանձնայատկութիւն մը. բաժանորդներուն կը ներկայացնէ ծաւալուն նիւթեր, որոնք վերլուծութիւններու, ուսումնասիրութիւններու կամ որոշ նիւթերու մանրամասն ծանօթացման բնոյթը կը կրեն։

Անտրէս Մուրենսա փորձառու լրագրող մըն է եւ քաղաքիս մէջ աշխատած տարիներուն Թուրքիոյ կեանքը դիտարկած է շատ ուշադիր ձեւով։ Այդ ամբողջին մէջ ան միջինէն վեր մակարդակի վրայ վերահասու դարձած է նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու կեանքին։ Իսթանպուլէն առաջ Անտրէս Մուրենսա միջոց մը աշխատած է նաեւ Աթէնքի մէջ։ Ան ունեցած է նաեւ հետաքրքրական փորձառութիւն մը 2008 թուականի՝ Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու հանդիպման ժամանակ։ Իր խումբ մը ընկերներուն հետ ցամաքի ճամբով Թուրքիայէն դուրս գալով, Վրաստանի վրայով այցելած է Հայաստան։ Բաց աստի, այցելած է նաեւ Արցախ։

Այս ամբողջ փորձառութիւնը մեզի համար թէ՛ հաճելի եւ թէ շատ հետաքրքրական զրուցակիցի մը վերածեց Անտրէս Մուրենսան։ Այս վերջինը ներկայիս Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու մամուլին վերաբերեալ ծաւալուն յօդուածի մը պատրաստութեան ձեռնարկած է՝ վերոյիշեալ կայքէջին համար։ Հայ համայնքէն ան որոշած է խոշորացոյցի տակ առնել ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը։ Յոյն համայնքի երկու թերթերը՝ «Ափոյեւմաթինի»ն եւ «Իխօ»ն եւ հրեայ համայնքէն «Շալոմ»ն ալ այս ամբողջին մէջ կը դառնան իր հետաքրքրութեան առարկան։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ Անտրէս Մուրենսա երկար հարցազրոյց մը ունեցաւ թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ Զրոյցի տեւողութեան Արա Գօչունեան ուրախութիւն յայտնեց, որ զրոյցը կը զուգադիպէր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական շրջանին։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Անտրէս Մուրենսա հետաքրքրուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատմութեան զանազան փուլերով, ներկայ գործունէութիւնով, հեռանկարներով, ինչպէս նաեւ մեր համայնքային կեանքով, լայն հասարակութեան կողմէ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքով։ Այս ամբողջին մէջ Արա Գօչունեան բացատրեց, որ տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ թէ՛ մեր համայնքը եւ թէ երկրի փոքրամասնութիւնները ունեցած են վերիվայրումներ, այսօր անոնց թիւը բաւական նուազած է, սակայն վերջին շուրջ տասնհինգ տարիներուն ընթացքին լաւատեսութիւն կը ներշնչեն անոնց համար կատարուած բարեփոխումները եւ հասարակութեան որոշ հատուածի մը մօտ հասունցած համակեցութեան գիտակցութիւնը։ Արա Գօչունեան յայտնեց, որ այս նոյն ծիրին մէջ կը մեկնաբանէ պետութեան կողմէ փոքրամասնութիւններու մամուլին ի նպաստ վերջին տարիներուն ցուցաբերուած զօրակցութիւնը։ Արդարեւ, այդ աջակցութիւնը նիւթական առումով թէեւ խորհրդանշական մակարդակի մը վրայ է, սակայն անոր նշանակութիւնը նիւթականով սահմանափակ չէ, որովհետեւ շօշափելի ապացոյց մըն է պետութեան կողմէ փոքրամասնութիւններու մամուլին նկատմամբ ընծայուած կարեւորութեան համար։

Անտրէս Մուրենսա խմբագրատունէս հրաժեշտ առաւ՝ ապահովելով սպառիչ պատասխաններ իր բոլոր հարցումներուն համար։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018