ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Սիրքէճիի պատմական Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքի խնդիրը կը շարունակէ զբաղեցնել մեր համայնքի օրակարգը։ Այդ կալուածի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու առաջադրութեամբ Պատրիարքական Աթոռի իրաւաբանները կը տանին բազմակողմանի աշխատանք, իսկ մեր համայնքը, ընդհանրապէս, արդարութեան սպասումի մը մէջ է։ Սանասարեանի վերաբերեալ իրադարձութիւնները, դատական իշխանութիւններու մօտ կատարուած նախաձեռնութիւնները եւ անոնց վերաբերմունքին ցոլացուցած մտայնութիւնը իրականութեան մէջ կը ներշնչէր մեծ լաւատեսութիւն։ 2017 թուականի վերջաւորութեան Վճռաբեկ ատեանը որոշման յանգած էր՝ որպէսզի Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը արձանագրուի Պատրիարքարանի անունով՝ մանաւանդ, որ Հանրապետական շրջանի ողջ տեւողութեան այդ համապատասխան վաքըֆի կառավարիչը եղած է Աթոռի օրուան գահակալը կամ փոխանորդը։ Վճռաբեկ ատեանի մօտ՝ վճռի սրբագրութեան պահանջով դիմում մը կատարուած էր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ։ Սա ընթացակարգային փուլ մըն էր եւ ընդհանուր ակնկալութիւնը այն էր, որ Վճռաբեկ ատեանը նոյն վճիռը պիտի պահէր։ Արդարեւ, նախապէս արձակուած վճիռը պիտի վերաքննարկուէր նոյն ատեանին կողմէ եւ հիմնաւորումները այնպիսի բնոյթ մը ունէին, որ գրեթէ անհաւանական էր վճիռը արձակած ատեանի կողմէ որոշման մէջ փոփոխութեան կատարուիլը։ Յամենայնդէպս, անսպասելին իրականացաւ եւ Վճռաբեկ ատեանը բոլորովին վերջերս, անցեալ տարեվերջի դրութեամբ, նախորդ վճիռէն շուրջ տարի մը անց փոխեց իր որոշումը եւ հաւանութիւն չտուաւ, որպէսզի Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը վերստին արձանագրուի Պատրիարքարանի անունով։

Այս իրերամերժ որոշումները, անշուշտ, համայնքային շրջանակներէն ներս ստեղծեցին լայն արձագանգ եւ ցաւ յառաջացուցին։ Արդարեւ, սա յաչս համայնքին ցաւալի հակասութիւն մըն է եւ բոլորը կը մաղթեն, որ յաղթահարուի այս պարագան։

Այս թղթածրարի պարագային Պատրիարքական Աթոռի շահերը կը պաշտպանէ իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլու, որու գլխաւորած գրասենեակէն ներս այս գործով կը զբաղի նաեւ մեր համայնքի երիտասարդ իրաւաբաններէն Առէն Տատրօղլու։ Անոնք 21 փետրուար 2019 թուականի դրութեամբ այս հարցին բերումով դիմած են Թուրքիոյ Հանրապետութեան Սահմանադրական ատեան։ Այժմ Սանասարեանի թղթածրարը տեղափոխուած է երկրի Բարձրագոյն դատական ատեանը։ Այժմէն դժուար թէ կանխատեսումներ ընել կարելի ըլլայ ժամկէտներու շուրջ։

Բացի Սահմանադրական ատեան դիմելէ, Պատրիարքարանի փաստաբանները պահանջագիր մըն ալ ուղարկած են Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան։ Վաքըֆներու Իսթանպուլի Առաջին շրջանի տնօրէնութեան միջոցաւ այդ պահանջագիրը յղուած է Ընդհանուր տնօրէնութեան։ Այսպէս, կը պահանջուի Սանասարեան խանի այժմու հասոյթի Պատրիարքարանին տրամադրուիլը։ Արդարեւ,  Սանասարեանը ներկայիս «մազպութ» (առգրաւուած) վաքըֆի մը կարգավիճակը ունի։ Ճիշդ է, որ նման պարագաներու մէջ տուեալ հիմնարկը կը կառավարուի ուղղակի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ։ Ուստի, Պատրիարքարանի փաստաբանները այս փուլին կը պաշտպանեն հետեւեալ թէզը. եթէ նոյնիսկ Սանասարեանը ունենայ «մազպութ» կարգավիճակ եւ անոր կառավարումը վիճակած ըլլայ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան, ապա, յամենայնդէպս, կառավարումը պէտք է կատարուի՝ կտակով նախատեսուած նպատակներուն համապատասխան։ Սանասարեանը հիմնուած է հայոց զաւակներու կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը խը-թանելու համար, համապատասխան կարիքներու դիմագրաւումով հանդերձ։ Սիրքէճիի կալուածը ներկայիս որքան որ բարձի թողի վիճակի մը մէջ գտնուած ըլլայ, կտակովի կամքը կը պահէ իր այժմէականութիւնը եւ անոր նկատմամբ յարգանքի ցուցաբերումը թէ՛ խղճի եւ թէ օրինական պատասխանատուութիւն մըն է։ Ուստի, փաստաբանները կը պահանջեն, որ Սանասարեան խանի հասոյթը տրամադրուի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան, որ այդ վաքըֆի կառավարիչն է։

Պահանջագրին մէջ փաստաբանները սոյն ակնկալութիւնները հիմնաւորած են երկրի օրէնսդրութեան, դատական մարմիններու կողմէ արձակուած վճիռներու նախընթացներուն եւ պատմական իրողութիւններու լոյսին տակ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019