ՀԱՆՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ունի հետ։ Վիեթնամի մայրաքաղաքը՝ Հանուայի մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Սա 2017 թուականէն ի վեր երկու ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած երկրորդ հանդիպումն էր։ Անոնց կողքին էին շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ արտաքին գործոց նախարարներ։

Տանըլտ Թրամփ այս հանդիպման ընթացքին կը հետապնդէր՝ Հիւսիսային Քորէան հիւլէական զէնքերէ հրաժարեցնելու նպատակը։ Ամերիկացի ղեկավարը հանդիպումը որակեց մեծ հնարաւորութիւն։

Բարձր մակարդակի բանակցութիւններու աւարտին Թրամփ նշեց, որ շատ մեծ յաջողութիւն ձեռք բերուած է։

Միեւնոյն ժամանակ, երէկ, Սպիտակ տան աղբիւրները հաղորդեցին, որ ԱՄՆ-ի եւ Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդները այսօր Վիեթնամի մէջ կրնան ստորագրել համաձայնագիր մը։ Միջազգային աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ այդ սպասումը չէ արդարացած եւ կողմերը որեւէ փաստաթուղթ չեն ստորագրած։ Ուստի, Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ Հիւսիսային Քորէայի դէմ պատժամիջոցները պիտի շարունակուին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019