ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՐՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրաւ նոր գիրք մը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Տ. Մեսրոպ Արք. Տէր-Մովսիսեանի «Պատմութիւն Սուրբ Գրոց հայկական թարգմանութեան» աշխատութիւնն է այս մէկը, որ ռուսերէնէ թարգմանուած է Սուսաննա Նահապետեանի կողմէ։

Մեսրոպ Մագիստրոս Արքեպիսկոպոս Տէր-Մովսիսեանի (1865-1939) այս գիրքը հայերէն Աստուածաշունչի ձեռագրական աւանդոյթի առաջին լուրջ գիտական հետազօտութիւնն է, որ կատարուած է 19-րդ դարավերջի դրութեամբ հեղինակի յայտնի նիւթերու հիման վրայ։ Այդ մէկը իր հրապարակման ժամանակի հայագիտութեան եւ հայ աստուածաշնչագիտութեան կարեւոր յառաջընթաց քայլերէն կամ ձեռքբերումներէն մին էր։ 1902 թուականին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ռուսերէնով հրատարակուած ըլլալով՝ աշխատութիւնը ցայսօր հասու չէր եղած բազմաթիւ հայագէտներու։

Գիրքը հրատարակուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019