ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՐԷԿ ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՃԵՐԸՏ ՔՈՒՇՆԷՐԸ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի աւագ խորհրդական եւ օգնական Ճերըտ Քուշնէրը, որ միեւնոյն ժամանակ անոր փեսան է։ Շուրջ երկու ժամ տեւեց Պեշթեփէի զրոյցը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան տարածքաշրջանային հարցեր։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ելմտական ու գանձի նախարար Պերաթ Ալպայրաք։

Ճերըտ Քուշնէր ներկայիս աշխատանք կը տանի Իսրայէլ-Պաղեստին հիմնախնդրի լուծման ուղղութեամբ։ «Դարու ծրագիրը» կը կոչուի այս մէկը, որ առաւել չափով լուծման տնտեսական երեսակին վրայ կը կեդրոնանայ։ Բացի այս նիւթէն, երէկուան հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ ճգնաժամին, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն։ Նկատի ունենալով, որ ամերիկեան կողմը կը պատրաստուի զօրքերը դուրս բերել Սուրիայէն՝ երէկուան հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան դաշտի վրայ ստեղծուած վերջին վիճակը եւ Սուրիայէ ներս ստեղծուելիք անվտանգ գօտիի մանրամասնութիւնները։

Նախարար Պերաթ Ալպայրաքն ալ Անգարայի մէջ առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Ճերըտ Քուշնէրի հետ։ Քննարկուեցան թուրք-ամերիկեան տնտեսական համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ քայլերը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019