ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նկատի ունենալով, որ միջոցէ մը ի վեր Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները դադրած են, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վրաստանի վրայով կ՚ուղեւորուի Հայաստան։ Սա Նորին Ամենապատուութեան գահակալութեան շրջանի առաջին արտասահմանեան այցելութիւնն է։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գահակալի կարգավիճակով՝ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրանիկ ուղեւորութիւնը կ՚իրականացնէ դէպի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական կեդրոնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր կը հիւրընկալուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն տեղի կ՚ունենայ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր համար։ Իր կեցութեան օրերուն Նորին Ամենապատուութիւնը մասնակցութիւն կը բերէ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին՝ Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ։ ԳՀԽ-ի նստաշրջանի օրակարգին վրայ կը գտնուին զանազան հարցեր, որոնց շարքին կ՚առանձնանան Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման գործընթացն ու յառաջիկայ աշնան նախատեսուած Ազգային-եկեղեցական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գահակալը աւանդաբար ԳՀԽ-ի երկու ատենապետներէն մին է։ Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ պիտի ատենապետէ նիստերուն։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ մարտի 6-ը։ Ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հրաժեշտ պիտի առնէ առանց սպասելու ԳՀԽ-ի նստաշրջանի աւարտին եւ դարձեալ Թիֆլիզի վրայով պիտի վերադառնայ քաղաքս։ Ան այս ժամանակացոյցին պիտի հետեւի՝ հասնելու համար իր հոգելոյս նախորդին՝ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման առաջին տարելիցի հոգեհանգստեան պաշտօնին եւ շիրիմի բացման։
Դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուղեւորութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան պիտի ընկերանան Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին համայնքային մամուլին համար սարքած ասուլիսին ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնած էր, որ Վեհափառ Հայրապետին հետ պիտի խօսի Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան նիւթին շուրջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բացակայութեան օրերուն Պատրիարքարանի գործերու կառավարման պատասխանատուութիւնը կը վստահուի Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի։