ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Իրակլի Ղարիպաշվիլին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք ստորագրեցին նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջեւ 2020 թուականի համագործակցութեան ծրագիրը։ Դաւիթ Տօնոյեան եւ Իրակլի Ղարիպաշվիլի Երեւանի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ անոնք տեղեկացուցին, որ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են տարածքաշրջանային խաղաղութեան վերաբերեալ հարցեր։

Վրացի նախարարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Այս հանդիպման ընթացքին եւս անդրադարձ կատարուեցաւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն։ Կարծիքներ փոխանակուեցան հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման, այդ ուղղութեամբ փոխադարձ ջանքերու կարեւորութեան շուրջ։

Միւս կողմէ, Դաւիթ Տօնոյեան երէկ ընդունեց նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նորանշանակ ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը, որ այցելեց Երեւան։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2020