ԻՏԼԻՊԻ ՄԷՋ 33 ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ. ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՓՈԽԱԴԱՐՁԷ ՍԱՍՏԻԿ ՁԵՒՈՎ

Սուրիոյ տագնապի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կը շարունակէ դիմագրաւել շատ ծանր մարտահրաւէրներ։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն Իտլիպէն հասած լուրերը հերթական անգամ մեծ ցասում յառաջացուցին երկրին մէջ։ Արդարեւ, Սուրիոյ կառավարական ուժերու կողմէ կատարուած օդային յարձակման հետեւանքով 33 թուրք զինուոր նահատակուեցաւ Իտլիպի մէջ։ Սա մեծ մտահոգութիւն ու մեծ ցաւ յառաջացուց բովանդակ երկրին մէջ, մինչ Անգարայի ղեկավարութիւնը անմիջապէս սկսաւ փոխադարձել ամենասաստիկ ձեւով։ Հաթայի կուսակալը երէկ երեկոյեան ժամերուն տեղեկացուց, որ Իտլիպի մէջ 33 թուրք զինուոր նահատակուած է։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին բերումով մայրաքաղաք Անգարայի մէջ անմիջապէս անվտանգութեան գագաթաժողով մը տեղի ունեցաւ Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս ժողովը, որու ընթացքին բոլոր ծալքերով քննարկուեցաւ ստեղծուած իրավիճակը։ Մինչ այդ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ բանակի վերնախաւն ալ անմիջապէս ուղղուեցան Սուրիոյ սահմանը, ուր ստեղծուած հրամանատարական կեդրոնին մէջ սկսան հետեւիլ Թուրք զինեալ ուժերու կողմէ ձեռնարկուած հակայարձակումներու ընդհանուր ընթացքին։ Հանրապետութեան նախագահութեան Հաղորդակցութեան բաժնի ղեկավար Փրոֆ. Ֆահրետտին Ալթունն ալ նահատակներու վերաբերեալ լուրերու հասնելէն անմիջապէս վերջ տեղեկացուց, որ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ զօրքերը ամբողջութեամբ թիրախաւորուած են Թուրք զինեալ ուժերու զօրքերուն կողմէ՝ թէ՛ ցամաքային եւ թէ օդային տարրերով։

Միջազգային գետնի վրայ ալ լայն արձագանգ ստեղծեցին երէկուան յարձակումները։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կոչ ուղղեց, որպէսզի անմիջապէս հրադադար հաստատուի Իտլիպի մէջ։ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ պախարակեց Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատն ու Ռուսաստանը։ Ընդհանուր քարտուղարը տեսակցեցաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ փութով արձագանգեց ստեղծուած իրավիճակին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ կողքին է։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան վերջին օրերուն ժամկէտ սահմանած էր Սուրիոյ բանակին համար, որպէսզի Էսատի զօրքերը հեռանան Իտլիպի եւ շրջակայքին հաստատուած Թուրք զինեալ ուժերու դիտարկման յենակէտերու գտնուած շրջաններէն։

Միւս կողմէ, «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թուրք զինեալ ուժերու վերջին օրերու գործողութիւններուն զուգահեռ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն կրած վնասները ահռելի համեմատութիւններու հասած են, մինչ ոչնչացուած են նաեւ հազարաւոր զինուորներ։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2020