ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախընթաց օր ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 43-րդ նիստին, որ կազմակերպուած էր Ժընեւի մէջ։ Ան այս առթիւ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Զօհրապ Մնացականեանի ելոյթը զուգադիպեցաւ Խոճալուի դէպքերու տարելիցին՝ մինչ Ատրպէյճան ամբողջ աշխարհի մէջ հակաքարոզչութիւն կը ծաւալէ Հայաստանի դէմ։

Ժընեւի ժողովին ժամանակ Մնացականեան շեշտեց, որ Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ դիմակայել Ատրպէյճանի կողմէ ուժի եւ հակադրանքի կիրառման սպառնալիքը։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու հետեւողական խոչընդոտումը, Արցախի ժողովուրդի դէմ անհանդուրժողութիւնը, ատելութիւնը, խտրականութիւնը եւ բացայայտ բռնութիւնը կը հանդիսանան հակամարտութեան սկզբնապատճառը։ 1990-ականներու դէպքերէն օրինակներ յիշեցնելէ վերջ, Մնացականեան յայտնեց, որ 2016 թուականի ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ձեռնարկուած բռնութեան փորձով վերյիշուած են այդ սպառնալիքները։

«Հայաստան կը շարունակէ լիովին հաւատարիմ մնալ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած լիազօրութեան ձեւաչափի շրջանակնե-

րէն ներս։ Հայաստան կ՚ընդգծէ Արցախի անվտանգութեան եւ կարգավիճակի գերակայութիւնը։ Արցախի ժողովուրդը իրաւունք ունի առանց որեւէ սահմանափակման, ազատօրէն որոշելու իր քաղաքական կարգավիճակը, ազատօրէն հետամուտ ըլլալու իր տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացման՝ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ։ Սա է խաղաղ կարգաւորման առանցքը։ Հայաստան նաեւ կ՚ընդգծէ ատելութիւնը եւ անհանդուրժողականութիւնը բացառելու եւ մարդոց միջեւ շփումներ խթանելու ուղղեալ լուրջ ջանքեր ներդնելու կարեւորութիւնը։ Հաւասարապէս, խստօրէն կը բացառուի ուժի սպառնալիքը։ Հայաստանն ու Արցախը յանձնառու են աշխատելու 2019 թուականին արձանագրուած համեստ արդիւնքներու հիման վրայ», ըսաւ Մնացականեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2020