ԴՐԱԿԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրին, որ զօրակցութեան այցելութեան մը փութաց Թուրքիա՝ երկրաշարժին յաջորդած աղէտալի իրավիճակին մէջ։ Հարկ է նշել, որ եգիպտացի նախարարը երէկ զօրակցութեան բնոյթով այցելութիւն մըն ալ տուաւ Սուրիա, որ եւս տուժած է երկրաշարժէն։ Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ հիւրընկալուելէ վերջ, Սեմիհ Շիւքրի երէկ անցաւ Ատանա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Սա երկար ընդհատումէ մը վերջ երկու երկիրներու միջեւ փոխանակուած բարձր մակարդակի այցելութիւն մը ըլլալու բնոյթը կը կրէր։ 2020 թուականէն ի վեր Անգարա-Գահիրէ յարաբերութիւններուն մէջ կարգաւորման գործընթաց մը սկսած է։ Թէեւ բաւական դանդաղ յառաջացած է այդ գործընթացը, բայց ներկայիս որոշ չափով հասունցած ըլլալ կը թուի եւ երէկուան այցելութիւնն ալ այդ առումով բերաւ իր նպաստը։ Այս պահուն, երէկուան շփումներուն ալ լոյսին տակ, աւելի դրական հորիզոններ ուրուագծուած են Թուրքիա-Եգիպտոս յարաբերութիւններուն առջեւ՝ մասնաւորապէս, որ ներկայ ձիւնահալի մթնոլորտին մէջ կը նախատեսուի երկու երկիրներու առաջին դէմքերուն միջեւ հանդիպում մը։ Սեմիհ Շիւքրիի այցելութեան զուգահեռ՝ երէկ Եգիպտոսէն Թուրքիա հասաւ նաեւ մարդասիրական օժանդակութեան նաւ մը։
Չավուշօղլու եւ Շիւքրի Ատանայի օդակայանին մէջ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, իսկ աւելի վերջ ուղղաթիռով անցան Մերսին՝ շրջայց մը կատարեցին աղէտի գօտիի վրայով։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար կատարուած կարճ յայտարարութիւններուն մէջ երկու նախարարներն ալ տուին դրական պատգամներ։ Սեմիհ Շիւքրի նշեց, որ Եգիպտոսի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը լիայոյս են, թէ Թուրքիա ամենակարճ ժամանակի ընթացքին պիտի յաղթահարէ երկրաշարժի հետեւանքները։ «Եգիպտոս միշտ Թուրքիոյ իր եղբայրներու կողքին պիտի ըլլայ։ Ես կը հաւատամ, թէ մեր յարաբերութիւնները յառաջիկային պիտի բարելաւուին», ըսաւ ան։
Իր կարգին, Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ յայտնեց, թէ իսկական բարեկամութիւնն ու եղբայրութիւնը յայտնի կը դառնան դժուար օրերու, դժուար պահերու մէջ։ «Այս զօրակցութիւնը անկարելի է մոռացութեան մատնել», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։
Այս պահու դրութեամբ, Թուրքիա եւ Եգիպտոս Միջերկրականէ ներս ուժանիւթի բնագաւառի համագործակցութեան հարցերու շուրջ որոշ մրցակցութեան մէջ կը գտնուին։ Անգարա եւ Գահիրէ, միեւնոյն ժամանակ, տարբեր կողմերը կը խրախուսեն՝ Լիպիոյ ներքին պառակտման առկայ մթնոլորտին մէջ։