ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ԿԸ ՅՈՒՍԱՅ, ԹԷ ՆԵՐԿԱՅ ՏԱՐԻՆ ԲԵԿՈՒՄՆԱՅԻՆ Կ՚ԸԼԼԱՅ ՊԱՔՈՒԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Երէկ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան մը ձեռնարկեց դէպի Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Սերկէյ Լաւրով այցելութեան ծրագրի առաջին քայլափոխին ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ՝ մինչ այսօր բանակցութիւններ կը վարէ իր պաշտօնակցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Լաւրովի այցելութեան առթիւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ շեշտուեցաւ, որ Մոսկուայի քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին է Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման խթանումը։
Երէկուան հանդիպումէն վերջ Իլհամ Ալիեւ յոյս յայտնեց, թէ 2023 թուականը բեկումնային տարի մը կ՚ըլլայ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման տեսակէտէ։ «Կը յուսամ, թէ 2023 թուականը բեկումնային տարի մը կ՚ըլլայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։ Յամենայնդէպս, մենք յոյս ունինք։ Կը կարծեմ, թէ Ռուսաստան՝ որպէս մեր բարեկամը, դաշնակիցը եւ հարեւանը, առանձնայատուկ դեր ունի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին աջակցելու հարցին մէջ», ըսաւ Ալիեւ հանդիպման ընթացքին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ Ռուսաստանի կառավարութեան եւ թէ անձամբ Սերկէյ Լաւրովին՝ այս գործընթացէն ներս աշխոյժ մասնակցութեան համար։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սերկէյ Լաւրով Իլհամ Ալիեւի հետ տեսակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսաստան կ՚ողջունէ այլ պետութիւններու ջանքերը, որոնք ուղղուած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանէն ներս փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան ամրապնդման։ «Մեր միջազգային գործընկերներէն շատերը՝ ներառեալ անոնք, որոնք կը գտնուին այս տարածաշրջանէն հեռու, կը ցուցաբերեն մեծ հետաքրքրութիւն՝ նպաստելու համար Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման հարցին մէջ յառաջ շարժուելու», ըսաւ Լաւրով եւ աւելցուց, որ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը կը մնայ այժմէական նիւթ մը թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ։