ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐՈՎԻ

Այսօր Պերլինի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։ Երկար ընդհատումէ մը վերջ արտաքին գործոց նախարարները կը շարունակեն իրենց բանակցութիւնները։ Նախարարներու այսօրուան ժամադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ՝ նախորդ շաբաթ, Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի օրերուն, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի միջնորդութեամբ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ։ Նախարարները կը շարունակեն աշխատանքը՝ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան շուրջ։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Աթէնքի մէջ յոյս յայտնեց, թէ արտաքին գործոց նախարարները կը յաջողին յառաջընթաց մը արձանագրել խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հարցին մէջ։ Թէեւ վարչապետը դրական մօտեցումով, ակնկալութիւններու սպասումով արտայայտուած է Պերլինի ժամադրութեան ընդառաջ, սակայն, ընդհանուր առմամբ, Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ կը շարունակուին յայտարարութիւնները, որոնք կու գան ապացուցանել, թէ կողմերու դիրքորոշումները տակաւին բաւական հեռու են իրարմէ։

Պերլինի բանակցութիւններուն ընդառաջ, Արարատ Միրզոյեան երէկ Ժընեւի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի նստաշրջանին ժամանակ։ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնին մէջ ան ըսաւ. «Տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումն ու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը խաղաղութեան միակ ճանապարհը կը համարուին»։ Միրզոյեան ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ ուժի ապօրինի կիրառման անպատժելիութիւնը պատճառ դարձած է Հայաստանի դէմ տարածքային նոր պահանջներու։ Այժմ, Ատրպէյճան Հայաստանի ամբողջ տարածքը կը ներկայացնէ՝ որպէս այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»։ Ըստ նախարարին՝ սա յօրինուած է տարածաշրջանէն ներս լարուածութիւնը պահելու պարզ տրամաբանութեամբ։ «Այդուհանդերձ, Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ խաղաղութեան օրակարգին ու պիտի չշեղուի այդ մէկէն։ Մենք համոզուած ենք, թէ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումն ու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը՝ հիմնուած 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրին վրայ, ինչպէս նաեւ միջպետական սահմանագծումը Խորհրդային Միութեան վերջին ու օրինական քարտէսներով, մեր տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման միակ ճանապարհը կը համարուին», ըսաւ ան։

Պերլինի այսօրուան բանակցութիւններուն ընդառաջ Արարատ Միրզոյեան հերթական անգամ շեշտեց, որ տարածաշրջանային բոլոր հաղորդակցութիւնները պէտք է բացուին՝ յարգելով տարածքային ամբողջականութիւնը՝ փոխադարձութեան, իրաւազօրութեան սկզբունքներով։ Ան համոզուած է, թէ սա կրնայ յաւելեալ փոխկապակցուածութիւն ստեղծել՝ լրացնելով կայունութիւնը տարածաշրջանէն ներս։ Նախարարը յիշեցուց, որ այս նպատակով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը։ Սա հայկական կողմի անկեղծ քաղաքական կամքի վերարտայայտութիւնն է, որպէսզի ապաշրջափակուին հաղորդակցութեան բոլոր ուղիները։ «Մինչդեռ, Ատրպէյճան կը պահանջէ Հայաստանի տարածքով առանց որեւէ ստուգման կարգի ճանապարհ դէպի Նախիջեւան՝ համաձայնելով միայն, թէ երթուղիի անվտանգութիւնը ապահովէ ռուսական կողմը», ընդգծեց ան։

Արարատ Միրզոյեան, որ մասնակցեցաւ նաեւ Զինաթափման յանձնաժողովի նիստին, բարձրաստիճան հատուածին ժամանակ ունեցած ելոյթին ընթացքին վերահաստատեց Երեւանի յանձնառութիւնը՝ սպառազինութիւններու վերահսկման եւ չտարածման ուղղութեամբ, որպէսզի միջազգային պարտաւորութիւնները համընդհանուր ձեւով կատարուին։ Ան շեշտեց, որ Հայաստան կը վերահաստատէ նաեւ իր աջակցութիւնը՝ միջուկային զէնքերու չտարածման վերաբերեալ պայմանագրին լիարժէք, ամբողջական ու արդիւնաւէտ իրականացման ի նպաստ։

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ Պաքուին եւ Երեւանին ուղղեալ հերթական կոչը հնչեցուց՝ Պերլինի այսօրուան բանակցութիւններուն ընդառաջ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է ձգտին՝ հասնելու տեւական ու կայուն համաձայնութեան։ «Ես յայտարարութիւններ պիտի չընեմ, բայց մենք կը շարունակենք կողմերը խրախուսել՝ ձգտելու հասնիլ տեւական եւ կայուն համաձայնութեան», նշեց Մեթիու Միլըր։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2024