«ՊԱՔՈՒ Ի ԳՈՐԾ ԿԸ ԴՆԷ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ՄԵՐԺՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ»

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճան ի գործ կը դնէ վստա­հու­թեան ձե­ւա­ւո­րու­մը մերժ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սէյ­րան Օ­հա­նեան դի­տել տուաւ, թէ խա­թա­րե­լով բա­նակ­ցա­յին խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը՝ Ատր­պէյ­ճան դար­ձեալ գոր­ծի կը դնէ ռազ­մա­տենչ հռե­տո­րա­բա­նու­թիւ­նը, սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու մրցա­վազ­քը եւ կող­մե­րու մի­ջեւ վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի ձե­ւա­ւոր­ման դրու­թիւն­նե­րը մեր­ժե­լու ուղ­ղեալ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ «Այս բո­լո­րը ան­գամ մը եւս ռազ­մա­կան ղե­կա­վա­րու­թե­նէն կը պա­հան­ջէ մշտա­կան ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին պա­հել զի­նեալ ու­ժե­րու կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րաց­ման խնդիր­ներն ու ա­նոնց լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցուող աշ­խա­տանք­նե­րը», ը­սաւ Սէյ­րան Օ­հա­նեան։

Միւս կող­մէ, Վիեն­նա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ԵԱՀԿ-ի մշտա­կան խոր­հուր­դի նա­խըն­թաց օ­րուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ալ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ առ­կայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ԵԱՀԿ-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ար­ման Կի­րա­կո­սեան այս առ­թիւ շեշ­տեց, թէ շփման գծին վրայ ի­րա­վի­ճա­կի սրման պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը վի­ճա­կի Ատր­պէյ­ճա­նին։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ վեր­ջին բա­խում­նե­րուն, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով չորս հայ զի­նուոր զո­հուե­ցաւ։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հա­կա­հա­րուա­ծի ար­դիւն­քին Ատր­պէյ­ճանն ալ տուած է բազ­մա­թիւ զո­հեր, սա­կայն այդ տուեալ­նե­րը կը թաք­ցուին։

Ար­ման Կի­րա­կո­սեան ընդգ­ծեց, որ Ատր­պէյ­ճան ա­ռա­ջին ան­գամ օգ­տա­գոր­ծած է կարգ մը մեծ զի­նա­տե­սակ­ներ, ինչ որ ի յայտ կը բե­րէ Պա­քուի մտադ­րու­թիւ­նը՝ շա­րու­նա­կել ըն­թա­նալ զի­նեալ առ­ճա­կատ­ման ճա­նա­պար­հով։ Պա­քու այս­պէ­սով կը ձգտի խարխ­լել 1994 թուա­կա­նի հրա­դա­դա­րի վե­րա­բե­րեալ ե­ռա­կող­մա­նի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, նաեւ խախ­տել ռազ­մա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը։ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը, նաեւ շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը կոչ ուղ­ղած են, որ­պէս­զի ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձուի այս վտան­գա­ւոր զար­գա­ցու­մը։

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Ար­ման Կի­րա­կո­սեան ընդգ­ծած է, որ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ֆի­զի­քա­կան անվ­տան­գու­թիւնն ու զան­գուա­ծա­յին ջար­դե­րէ զերծ պա­հուի­լը կը հան­դի­սա­նան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։ Ան վեր­յի­շեց, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ վե­րահս­կուած Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տա­րածք­նե­րէն ներս էթ­նիք զտում­ներ ի­րա­կա­նա­ցուած են հայ բնակ­չու­թեան դէմ։ Այդ հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ Կի­րա­կո­սեան բա­ցատ­րեց, որ Ատր­պէյ­ճան կը ձգտի վերսկ­սիլ զի­նեալ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը ու­ժի մի­ջո­ցաւ ճնշե­լու նպա­տա­կով։ Ան դա­տա­պար­տեց Պա­քուի ու­ժա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ու շեշ­տեց, որ Ատր­պէյ­ճան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը կրէ ի­րա­վի­ճա­կի սրման եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րուն հա­մար։ Ար­ման Կի­րա­կո­սեան վե­րա­հաս­տա­տեց Հա­յաս­տա­նի սկզբուն­քա­յին դիր­քո­րո­շու­մը, ըստ ո­րու հրա­դա­դա­րի դրու­թեան ամ­րապն­դու­մը  վստա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման մի­ջոց­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման մի­ջո­ցաւ հիմք կը հան­դի­սա­նայ խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու յա­ռա­ջըն­թա­ցին հա­մար։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015