ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ
Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնէն ներս բացուած «Մտքերու մէջ յաղթահարել սահմանները» լուսանկարչական ցուցահանդէսին զուգահեռ երէկ երեկոյեան ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Պատմութեան հիմնարկի (Tarih Vakfı) երդիքին տակ։ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի հիւպատոսութեան ենթակայ Ֆրանսական կաճառին եւ Պատմութեան հիմնարկին համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն երկու լուսանկարիչներու՝ Մեսուտ Թուֆանի եւ Զաւէն Խաչիկեանի գործերը, նկարահանուած՝ Կարսի, Կիւմրիի եւ Անիի մէջ։ Մինչ այս ցուցահանդէսին բացումը ստեղծած է լայն արձագանգ, երէկ երեկոյեան նոյն շարժառիթով կազմակերպուած ասուլիսն ալ անցաւ շատ հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ։ Հաւաքոյթի ատենախօսներն էին լուսանկարիչ Մեսուտ Թուֆան, ընկերաբան Նեշէ Էօզկէն, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժնի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։ Ասուլիսը վարեց Պատմութեան հիմնարկի նախագահ Պիւլենտ Պիլմէզ։
Նկատի ունենալով, որ ցուցահանդէսը կը ցոլացնէր Թուրքիա-Հայաստան փակ սահմանի երկու կողմերուն, ընդհանուր շրջակայքին մթնոլորտը, ասուլիսն ալ ունեցաւ համապատասխան բովանդակութիւն։ Պիւլենտ Պիլմէզի ողջոյնի խօսքէն վերջ նախ արտայայտուեցաւ Մեսուտ Թուֆան, որու համոզմամբ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը միեւնոյն ժամանակ յիշողութեան ու մոռացութեան, անցեալի եւ ապագայի, բարեկամութեան ու թշնամութեան արանքին սահման մըն է։ Նեշէ Էօզկէն, որ սահմաններու ընկերաբանութեան վրայ բազմակողմանի աշխատանք ծաւալած է, շեշտեց, որ Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վերագրուած է վիթխարի իմաստ մը։ Ան համոզուած է, որ երկու երկիրներու սահմանին փակ ըլլալը առեւտուրի իմաստով խոչընդոտ մը չէ, որովհետեւ գործարարական մեծ ցանցերը այսպէս կամ այնպէս կ՚իրականացնեն իրենց նախատեսած աշխատանքը։ Բայց եւ այնպէս, սահմանի փակ մնալը արգելք կը հանդիսանայ յիշողութեան փոխանակման։ Նեշէ Էօզկէն պատմեց, թէ պատմութեան ընթացքին պետութիւններու ծայրամասային հատուածներու բնակիչները միշտ շատ աւելի արագօրէն արձագանգած են տուեալ ժամանակի իրադարձութիւններուն։ Իսկ Թուրքիա-Հայաստան սահմանամերձ գօտիներու բնակիչները այս իմաստով կ՚ապրին անճարութիւն մը։
Բագրատ Էսդուգեան պատմեց 1996 թուականին դէպի Սովետական Հայաստան կատարած ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին երկաթուղիի միջոցաւ անցած էր Կարսէն Կիւմրի։ Ըստ իրեն, սահմանի փակ մնալու հարցին զուգահեռ պէտք է ուշադիր դիտարկել նաեւ շրջափակման խնդիրը։ Ան այս երեւոյթը նկատեց փանթրքական մտայնութեան մերօրեայ շարունակութիւնը։
Իր կարգին, Արա Գօչունեանն ալ փոխանցեց իր վկայութիւնները սահմանամերձ շրջաններ կատարած այցելութիւններէն։ Ան ըսաւ, որ պատմականօրէն Արարատեան դաշտավայրը միշտ վարչական կեդրոն մը եղած է հայոց համար, իսկ Կիւմրին քաղաք մըն է, որ կը ցոլացնէ ժողովրդական կեանքին ամբողջ ճոխութիւնը։ Հետեւաբար, ան այս իմաստով բարձր գնահատեց ցուցահանդէսին արժէքը։ Գօչունեան նշեց, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն իմաստով խնդրոյ առարկայ է շուրջ քսան տարուան ժամանակի մսխում մը։ Այդ տարիներուն ընթացքին շատ լպրծուն գետնի մը վրայ ապրուած են իրերամերժ իրադարձութիւններ։ Արդիւնքին, իրադրութեան քննարկումը, ընդհանուր վերլուծութիւնները միշտ կ՚ըլլան առարկայական տուեալներով, սակայն անոնք երբեք չեն ունենար տրամաբանական շարունակութիւն եւ ապագայի վերաբերեալ կանխատեսումները միշտ սահմանափակ կը մնան մաղթանքներով։
Ասուլիսի հարցում-պատասխանի բաժնին մէջ ի յայտ եկան կարգ մը կարեւոր մօտեցումներ, ըստ որոնց Թուրքիա-Հայաստան սահմանը միեւնոյն ժամանակ ընկալումներու սահմանում մը կը բերէ։ Կարեւոր մօտեցումներէն մին ալ այն էր, որ սահմանը եւ անոր բացումը բոլորովին տարբեր նշանակութիւն ունին պետութիւններու կեդրոններուն տեսանկիւնէն եւ տեղւոյն վրայ ստեղծուած մթնոլորտին բաղդատմամբ։