ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓԵՔԻՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Դէպի Չինաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով, երէկ, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Փեքինի համալսարանին մէջ։ Ուսանողներուն եւ դասախօսներուն առջեւ ունեցած ելոյթին ժամանակ ան ըսաւ. «Հայաստան իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին գտնուած է երկու աշխարհներու՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի սահմանագծին, ինչ որ հայ ժողովուրդը ընկալելի դարձուցած է թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ Ասիոյ համար։ Մեր երկրին մէջ առանձնայատուկ յարգանք կը տածուի Չինաստանի նկատմամբ, որու ժողովուրդը հազարամեակներու ընթացքին հոգատարութեամբ կը պահպանէ իր պատմական եւ քաղաքակրթական հարուստ ժառանգութիւնն ու աւանդոյթները։ Միեւնոյն ժամանակ ձեր երկիրը կը ծառայէ որպէս օրինակ այնպիսի պետութեան, որ բարեփոխումներու եւ զարգացման ճիշդ ընտրուած ռազմավարութեան շնորհիւ, հասած է հսկայական յաջողութիւններու՝ արժանի տեղ զբաղեցնելով աշխարհի առաջնորդող պետութիւններու շարքին։ Այսօր Չինաստան աշխուժօրէն կը մասնակցի համաշխարհային քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան արդի զարգացումներուն՝ մեծապէս նպաստելով համաշխարհային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման։ Մենք կը կարեւորենք նաեւ Չինաստանի շարունակական ներգրաւումը Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային գործընթացներուն», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։
Բաց աստի ան դիտել տուաւ, որ Չինաստանի հետ համագործակցութիւնը մաս կը կազմէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն։
Միւս կողմէ, պաշտօնական այցելութեան շրջագծով Սերժ Սարգսեան Փեքինէն անցաւ Սանիա՝ մասնակցելու համար Պոաոյի տարեկան համաժողովին։