ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՍԻՆԱԿՈԿ ՄԸ

Թուր­քիոյ հրեայ հա­մայն­քը նա­խըն­թաց օր ապ­րե­ցաւ յատ­կան­շա­կան օր մը։ Այս­պէս, Է­տիր­նէի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ վե­րա­նո­րո­գեալ Մեծ սի­նա­կո­կի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Փոխ-վար­չա­պետ Պիւ­լենտ Ա­րընչ եւս մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ այս հան­դի­սու­թեան։ Հարկ է նշել, որ պատ­մա­կան այս սրբա­տե­ղին վե­րա­նո­րո­գուե­ցաւ Վա­գըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, հինգ տա­րի տե­ւած աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ւար­տին։ Վա­գըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէմ եւս ներ­կայ գտնուե­ցաւ բաց­ման հա­ւա­քոյ­թին, ո­րու ըն­թաց­քին հրեայ հա­մայն­քին ու­րա­խա­կից ըլ­լա­լու փու­թա­ցած էր նաեւ Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Ուղ­ղա­փա­ռաց Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիար­քը։ Թուր­քիոյ ա­ռըն­թեր աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն հրեայ հիւ­րեր ներ­կայ գտնուե­ցան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րուն իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան։ Թրքա­հայ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ վար­չա­յին­ներ եւս նոյն շար­ժա­ռի­թով փու­թա­ցած էին Է­տիր­նէ, ուր Թուր­քիոյ հրեայ հա­մայն­քի նա­խա­գահ Իս­հաք Իպ­րա­հիմ­զա­տէհ յու­շա­նուէր մըն ալ յանձ­նեց Պիւ­լենտ Ա­րըն­չին։

Հարկ է նշել, որ աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն սի­նա­կոկ­նե­րու շար­քին Է­տիր­նէի­նը կը դա­սուի եր­րորդ կար­գի վրայ։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015