ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

Սե­փա­կան լրա­տուու­թիւն.-

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ, Փա­րի­զի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը. Հե­տա­զօ­տու­թեան 100 տա­րի» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղո­վը այ­սօր կը հաս­նի իր ա­ւար­տին։ Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի կ՚ու­նե­նան եզ­րա­փա­կիչ փու­լի գի­տա­կան նիս­տե­րը։  

Ե­րէկ, գի­տա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Ֆրան­սա­յի Ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րու բարձ­րա­գոյն հե­տա­զօ­տու­թեանց վար­ժա­րա­նին մէջ։ Հե­տաքրք­րա­կան քննար­կում­նե­րու ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ պա­տե­րազ­մի տրա­մա­բա­նու­թեան, տնտե­սու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան նիւ­թե­րուն ձօնուած նիս­տը, զոր վա­րեց Պրիւք­սէ­լի հա­մալ­սա­րա­նէն Եոէլ Քո­թէք։ Ա­տե­նա­խօս­ներն էին՝ Հա­միտ Պո­զաս­լան, Վեն­սան Տիւք­լէր, Փե­թէր Հոլ­քիստ, Է­րիք-Եան Զիւլ­քէր եւ Մեհ­մէտ Փո­լա­տէլ։ Յա­ջոր­դած հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բա­ժի­նը ղե­կա­վա­րեց Սթե­ֆան Օ­տուէն-Ռու­զօ։

Գի­տա­ժո­ղո­վի ծրագ­րին վրայ նա­խա­տե­սուած էր նաեւ պատ­մագ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ նիստ մը, զոր վա­րեց Մի­շէլ Մա­րիան։ Այս քննար­կում­նե­րուն շրջա-գը­ծով պատ­մագ­րու­թիւ­նը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նուե­ցաւ որ­պէս հե­տա­զօ­տու­թեան նոր բնա­գա­ւառ մը։ Ա­տե­նա­խօս­ներն էին Կայծ Մի­նա­սեան, Սթե­ֆան Աս­տու­րեան, Այ­հան Աք­թար, Ճե­նի­ֆըր Տիքս­տըն։ Այս նիս­տին ըն­թաց­քին Այ­հան Աք­թար շեշ­տեց, որ հա­յոց տե­ղա­հա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ո­րոշ­ման գոր­ծադ­րու­թիւ­նը տար­բե­րու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցած էր շրջա­նէ շրջան։ Ան բա­ցատ­րեց, թէ կարգ մը դի­ւա­նա­կալ­ներ փոր­ձած էին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ո­րոշ չա­փով մեղ­մաց­նել, սա­կայն որ­պէս հե­տե­ւանք ա­նոնք ալ ի­րենց հեր­թին սպան­նուած էին։

Կայծ Մի­նա­սեան խօ­սե­ցաւ ըստ ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու հա­շուի առ­նե­լով այս նիւ­թին ա­ռըն­չա­կից պատ­մագ­րու­թիւ­նը։ Ան բա­ցատ­րեց, որ 1915-1970 թուա­կան­նե­րուն պատ­մագ­րու­թիւ­նը ու­նէր ա­ւե­լի նկա­րագ­րա­կան բնոյթ։ Յա­ջոր­դած տաս­նա­մեա­կին զգա­լի դար­ձաւ բաղ­դա­տու­թիւ­նը։ Իսկ 1990-ա­կան­նե­րէն սկսեալ ստա­ցաւ մեծ թափ մը, ո­րով­հե­տեւ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման ազ­գե­ցու­թեամբ նիւ­թը սկսաւ բո­վան­դա­կել տար­բեր պատ­մագ­րու­թիւն­նե­րու հան­գա­մանք­նե­րը։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015