ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՀԱՐՈՒԱԾԸ ՍՊԱՍԵԼԻ ԷՐ

Ե­րեք­շաբ­թի, 22 Մարտ 2016-ին, «Եւ­րո­պա­յի սիր­տը»ը հա­մա­րուող Պրիւք­սէ­լը հա­րուա­ծած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը սպա­սե­լի էր: Տասն օր ա­ռաջ Սա­լահ Ապ­տըլ Սա­լա­մը ձեր­բա­կա­լած Պել­ժի­ո­յ ա­պա­հո­վա­կան ու­ժեր ձա­խո­ղե­ցան եր­կի­րը անվ­տանգ պա­հե­լու ի­րենց վստա­հուած գոր­ծին մէջ: Ե­րե­սուն­մէկ զո­հեր գե­տին ձգած «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ի (Ի­ՇԻՏ) ա­հա­բե­կիչ­ներ կը շա­րու­նա­կեն ա­հու­դո­ղի մթնո­լորտ ստեղ­ծել ոչ միայն Պրիւք­սէ­լի, այլ նոյն­պէս Փա­րի­զի, Ֆրանք­ֆուր­թի եւ Լոն­տո­նի մէջ:

Բրի­տա­նա­կան The Guardian պար­բե­րա­կա­նը  ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում­նե­րու ե­րե­կո­յեան իր կայ­քին վրայ կարճ լուր մը հրա­պար­կե­լով կա­րե­ւոր հար­ցադ­րում­ներ կը բարձ­րա­ձայ­նէր, լոյ­սին հա­նե­լով այն հան­գա­մանք­նե­րը, ո­րոնք հիմք կը կազ­մեն Պել­ժիան ա­հա­բե­կիչ­նե­րու թի­րախ դարձ­նե­լուն: Ըստ թեր­թին՝ Ի­ՇԻՏ նախ­քան այդ ա­նու­նը ու­նե­նա­լը, 1990-ա­կան­նե­րէն սկսեալ բոյն դրած էր Պել­ժիոյ մէջ եւ ա­նոր բջիջ­նե­րը յա­ջո­ղած էին (շատ ան­գամ յե­նլով մար­դու ա­զա­տու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րուն վրայ) ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ծա­ւա­լել եւ տա­րա­ծուիլ ամ­բողջ երկ­րին ու յատ­կա­պէս ծայ­րա­մա­սա­յին շրջան­նե­րուն մէջ: Աղ­բիւ­րը նաեւ տե­ղե­կու­թիւն կու տայ, որ Պրիւք­սէ­լի ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը 1996 թուա­կա­նին իր կա­տա­րած խու­զար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին յար­կա­բա­ժնի մը մէջ գտած է ա­րա­բե­րէն լե­զուով գրուած նա­մակ մը, ո­րուն հե­ղի­նակ­նե­րը ի­րենց են­թա­կա­յու­թիւ­նը կը յայտ­նէին «Էլ Քաի­տէ» խմբա­ւոր­ման, որ այդ օ­րե­րուն Աֆ­ղա­նիս­տա­նի «փայ­լուն աստղ»ն էր եւ կը հա­մա­գոր­ծակ­ցէր Թա­լե­պան շար­ժու­մին հետ, ընդ­դէմ ՆԱ­ԹՕ-ի զօր­քե­րուն: Այս նա­մա­կը մէկ կողմ կը ձգուէր, ու կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժեր մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն չէին տար նման բա­նե­րու, տրուած ըլ­լա­լով, որ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի պա­տե­րազ­մը շատ հե­ռու էր Պել­ժի­ա­յէն: Թեր­թը նաեւ նկա­տել կու տար, որ այդ օ­րե­րէն ի վեր Պել­ժի­ա ապ­րող իս­լամ­ներ մեծ կա­րիք ու­նէին ի­րենց մզկիթ­նե­րուն մէջ քա­րո­զիչ­նե­րու եւ ի­մամ­նե­րու եւ սկիզբ կ­­՚առ­նէր իս­լա­մա­մէտ կրօ­նա­ւոր­նե­րու դէ­պի Պել­ժի­ա «նե­րա­ծե­լու» ա­նաղ­մուկ գոր­ծըն­թաց մը: Այս նա­մա­կը խոր­քին մէջ ա­ռա­ջին ազ­դան­շանն էր Եւ­րո­միու­թեան հիմ­նա­կան կեդ­րոն՝ Պրիւք­սէ­լի մէջ իս­լա­մա­մէտ­նե­րու աշ­խու­ժաց­ման: Պել­ժիան ոչ միայն քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռում­նե­րով ՆԱ­ԹՕ-ի եւ Եւ­րո­միու­թեան կեդ­րոնն է, այլ նաեւ Եւ­րո­պա­յի միւս կա­րե­ւոր մայ­րա­քա­ղաք­ներ հաս­ց­­նող ա­մե­նէն ա­րագ կէ­տը: Ցա­մա­քա­յին ճա­նա­պարհ­նե­րով Պրիւք­սէ­լէն շատ ա­րագ եւ հեշտ կա­րե­լի է հաս­նիլ դէ­պի Փա­րիզ, Պոնն, Գեր­մա­նիա, եւ Ամս­թեր­տամ: Աշ­խար­հագ­րա­կան տուեալ­նե­րու այս պատ­կե­րը ե­րե­ւե­լի դիւ­րու­թիւն­ներ կը տրա­մադ­րէ ան­ցեա­լին «Էլ Քա­ի­տէ»ի, իսկ այ­սօր ար­դէն Ի­ՇԻՏ-ի ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն: Իս­լա­մա­մէտ խմբակ­նե­րուն հա­մար ա­նուա­նում­նե­րը եր­բեք ի­մաստ մը չու­նին, այն­քան ա­տեն, երբ ա­նոնք կ՚ա­ռաջ­նոր­դուին «իս­լա­մա­կան» չա­րա­փո­խուած «շե­րիաթ»ի կա­նոն­նե­րով: Ե­թէ ե­րէկ այս խմբա­ւո­րում­նե­րուն գլխա­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը Ու­սա­մէ պըն Լա­տէնն էր, այ­սօր ար­դէն Ա­պու Պա­քըր էլ Պաղ­տա­տին է, ո­րուն ե­րե­ւում­նե­րը կամ պատ­գամ­նե­րը այդ­քան ալ կա­րե­ւոր չեն Եւ­րո­պա­յով մէկ տա­րա­ծուած խմբա­ւո­րում­նե­րուն հա­մար: Պէտք է նաեւ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նել Սա­լահ Ապ­տըլ Սա­լա­մի պա­րա­գան, ու մատ­նան­շել, որ Պրիւք­սէ­լի օ­դա­կա­յանն ու կա­յա­րան­նե­րը հա­րուա­ծող ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րը կը գոր­ծադ­րուէին ա­նոր ձեր­բա­կա­լու­թե­նէն շրջան մը ետք: Այս հան­գա­ման­քը նաեւ կ­­՚են­թադ­րէ, որ այս խմբա­ւո­րում­նե­րը կը գոր­ծեն ան­կախ ո­ճով մը եւ ա­ռըն­չուած են ոչ թէ «ճի­հատ»ի մը ընդ­հա­նուր կա­նոն­նե­րուն, այլ կը կա­տա­րեն պա­հանջ­նե­րը այն ղե­կա­վա­րին, որ հսկած, հո­վա­նա­ւո­րած եւ «դաս­տիա­րա­կած» է այդ ութ-տա­սը հո­գի­նե­րէ բաղ­կա­ցող խմբա­կը:

Քննե­լով տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չու­թեան քա­ղա­քա­կան հան­գա­մանք­նե­րը՝ կա­րե­լի է ը­սել, որ անց­նող Նո­յեմ­բե­րին Փա­րի­զը ցնցած եւ «ա­րեան բաղ­նիք»ի վե­րա­ծած գրոհ­նե­րու ընդ­հա­նուր մթնո­լոր­տը կը շա­րու­նա­կուի: Այն ի­մաս­տով, որ Եւ­րո­պա կը շա­րու­նա­կէ իր ա­նող­նա­յար կե­ցուածք­նե­րով ա­ւե­լի եւս բար­դաց­նել իր անվ­տան­գու­թիւ­նը: Եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կան մտքին հա­մար այ­սօր ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն հե­ռու մնա­լու ա­ռա­ջին եւ ա­մե­նէն ազ­դու մի­ջո­ցը Սու­րիա­յէն եւ­րո­պա­կան ա­փեր հաս­նող փախս­տա­կան­նե­րու ներ­հոս­քը կա­սեց­նելն է: Ու այս ա­ռու­մով Թուր­քիոյ հետ կա­տա­րուած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը դար­ձած են Պեր­լի­նի եւ Փա­րի­զի գլխա­ւոր օ­րա­կար­գե­րը:

Պել­ժիան հա­րուա­ծել ա­ռա­ջին հեր­թին կը նշա­նա­կէ հա­րուա­ծել Փա­րի­զը: Այս ա­ռու­մով է նաեւ, որ Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հը դէպ­քէն ժա­մեր անց յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րե­լով, կ՚ը­սէր. «Ե­ղած հա­րուա­ծը Պել­ժի­ո­յ չէ, այլ ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յին»: Ան­կախ ան­կէ, որ եւ­րո­պա­կան ըն­տա­նի­քին մէջ եւս ե­րե­ւե­լի մրցակ­ցու­թիւն կայ, թէ ո՛ր ղե­կա­վա­րը պի­տի յա­ջո­ղի իր ու­նե­ցած լծակ­նե­րը գոր­ծի դնե­լով խօ­սիլ ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի ա­նու­նով, գաղտ­նիք ալ չէ, որ Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հը Պա­թաք­լա­նի դէպ­քե­րէն աս­դին չկա­րո­ղա­ցաւ Մի­ջին Ա­րե­ւելք «վե­րա­դառ­նալ»: Այս ա­ռու­մով անց­նող Նո­յեմ­բե­րին հրա­պա­րա­կուած եւ «Փա­րիզ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հետ նոր լե­զուով պի­տի խօ­սի՞ ար­դեօք» խո­րա­գի­րը կրող յօ­դուա­ծին մէջ գրած եմ. «Ե­թէ հար­ցը դի­տար­կուի Ի­ՇԻՊ-ի դէմ ստեղ­ծուած ընդ­հա­նուր դա­շին­քին Ֆրան­սա­յի գոր­ծօն եւ վճռո­րոշ դե­րա­կա­տա­րու­թեան դի­տան­կիւ­նէն, ա­պա կա­րե­լի է յստա­կօ­րէն ը­սել, որ մի­ջազ­գա­յին դա­շին­քը (ո­րուն մաս կը կազ­մէ Փա­րի­զը նոյն­պէս) այդ խմբա­ւոր­ման թե­ւե­րը չկրցաւ կոտ­րել, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը ա­նոր վի­ճա­կը ա­նու­ղա­կիօ­րէն բա­րե­լա­ւեց կամ պա­հեց նոյն վի­ճակ­նե­րուն մէջ: Բնա­կա­նա­բար գաղտ­նիք ալ չէ, որ Ի­ՇԻՊ-ի գո­յու­թիւ­նը տար­բեր գոյ­ներ ու­նե­ցող շա­հե­րու հիմ­նաղ­բիւր է նոյն այն եր­կիր­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք գի­շեր-ցե­րեկ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պա­տե­րազ­մի փո­ղե­րա­խումբ մը գոր­ծի լծած են»:

Բայց ին­չո՞ւ Փա­րի­զը. շա­տեր հարց պի­տի տան ու ի­րա­ւա­ցի են ի­րենց հար­ցադ­րու­մին մէջ:

Փա­րի­զը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը բա­ւա­րար կամք ու­նե­ցաւ ո՛չ միայն Ֆրան­սա­յի մէջ ապ­րող հա­զա­րա­ւոր իս­լամ­նե­րու հետ խօ­սա­կ­­ցե­լու վճռո­րոշ գե­տին մը ստեղ­ծե­լու հա­մար, այլ նաեւ ան­տե­սեց առ­կայ վտանգ­նե­րը, մին­չեւ որ դա­նա­կը հա­սաւ ոս­կո­րին: Ու զար­մա­նա­լի չէ, որ Մա­նուէլ Վալ­սի նման պա­տաս­խա­նա­տու մը փո­խա­նակ իր կա­ռա­վա­րու­թեան ու­նե­ցած թե­րա­ցու­մին մա­սին խօ­սե­լու, իր  Հինգ­շաբ­թի օր ը­րած յայ­տա­րա­րու­թեամբ մտա­հո­գու­թիւն կը յայտ­նէր, թէ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կրնայ կրկնուիլ, ա­ւե­լի՛ն. ա­հա­բե­կիչ­նե­րը կրնան քի­միա­կան ծանր զէն­քեր օգ­տա­գոր­ծել: Խոր­քին մէջ Ֆրան­սա­յի վար­չա­պե­տը այս խօս­քէն ա­ւե­լին ը­սե­լու վի­ճա­կի չէր: Ան կրնար այս­քա­նը ը­սել եւ կամ կրնար խօ­սիլ հրա­ժա­րա­կան տուո­ղի կար­գա­վի­ճա­կով»: Այս յօ­դուա­ծէն ան­ցած է շուրջ ե­րեք ա­միս: Ու այդ ե­րեք ամ­սուան ըն­թաց­քին շօ­շա­փե­լի ո­չինչ փո­խուած է մա­նա­ւանդ քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ: Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հը ներ­կայ հանգ­րուա­նին ու­ժեղ մրցա­կից մը չու­նի, ու այդ պատ­ճա­ռով է նաեւ, որ ոչ ոք կը հա­մար­ձա­կի հրա­ժա­րա­կան­նե­րու մա­սին խօ­սիլ:

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ե­ղած ա­նո­րո­շու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի նոյն հու­նով ու բնա­կան է եւ նոյ­նիսկ սպա­սե­լի է, որ այդ վի­ճա­կին ար­ձա­գանգ­նե­րը լսուին Պրիւք­սէ­լի, Փա­րի­զի կամ նոյ­նիսկ Լոն­տո­նի մէջ:

Ա­ռանց խո­րաց­նե­լու քննար­կու­մը այն հան­գա­մանք­նե­րուն, ո­րոնց շնոր­հիւ Եւ­րո­պան պի­տի յա­ջո­ղի հե­ռու մնալ նոր «ա­րեան բաղ­նիք»նե­րէ, պէտք է ը­սել, որ եւ­րո­պա­ցի ե­րեք մե­ծե­րուն մի­ջեւ (Փա­րիզ, Լոն­տոն, Պեր­լին) լուրջ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ կան կա­պուած՝ սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցին: Մինչ Պեր­լին բա­ցա­յայտ եւ «սերտ» գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ է Ան­գա­րա­յի հետ, ան­դին Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հը յստակ կե­ցուածք մը չու­նե­նա­լով, ա­ւե­լիով կը բար­դաց­նէ ի­րադ­րու­թիւ­նը: Իսկ Մեծն Բրի­տա­նիա, ո­րուն ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն ը­սած խօս­քե­րը խոս­տում­նե­րու եւ դա­տա­պար­տու­մի սահ­մա­նը չեն անց­նիր, կը տա­րու­բե­րի Փա­րի­զի եւ Պեր­լի­նի կե­ցուածք­նե­րուն մի­ջեւ:

Ե­ղած ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ Պել­ժի­ո­յ մար­մին­նե­րուն կող­մէ ձեռք առ­նուած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը տեղ մը կրնան նոր հա­սա­րա­կաց խնդիր մը ստեղ­ծել, ո­րուն հա­մա­ձայն այ­սօր Եւ­րո­պա­յի մէջ ե­ղող բջիջ­նե­րը ան­կա­ռա­վա­րե­լի ու ան­խո­ցե­լի են:

Ա­ւե­լիէն. այս ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րը կրնան շա­րու­նա­կուիլ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց տուն տուող պատ­ճառ­նե­րը ո՛չ Փա­րի­զի, ո՛չ Պրիւք­սէ­լի, ո՛չ Լոն­տո­նի եւ ոչ ալ Պեր­լի­նի մէջ են, այլ՝ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի, ուր ա­րիւ­նա­լի քաոս­ներ ստեղ­ծե­լու եւ միայն հե­ռուէն «դի­տե­լու» բո­լոր ա­ռիթ­նե­րը սպա­ռած են:

Իս­լա­մու­թեան քօ­ղով (բայց իս­լա­մու­թեան հետ կապ չու­նե­ցող) ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը ոչ թէ կը թա­կէ Եւ­րո­պա­յի դռնե­րը, այլ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը այ­սօր կը սնուի եւ կ­­՚ապ­րի Եւ­րո­պա­յի մէջ:

Թէ որ­քա՞ն եր­կար կը տե­ւէ այս «կե­նակ­ցում»ը, պարզ չէ, յստակ է միայն, որ ա­պա­հո­վա­կան «ցու­ցադ­րա­կան»  ե­րե­ւում­նե­րը չեն կրնար լու­ծել Եւ­րո­պան հա­րուա­ծող այս ժահ­րը:

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016