ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Գում­գա­բուի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Ս. Զատ­կի ա­ւան­դա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հի­նի։ Հարկ է նշել, որ տա­ղա­ւա­րի նա­խոր­դող օ­րե­րուն լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն եւ հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտած էին լսում­ներ եւ պնդում­ներ, ըստ ո­րոնց տօ­նա­կան օ­րե­րուն ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րու թի­րախ պի­տի դառ­նա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեանց սրբա­վայ­րե­րը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Ս. Զատ­կի սե­մին կապ հաս­տա­տած է կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հի­նի հետ։ Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին կու­սա­կա­լը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ անհ­րա­ժեշտ բո­լոր մի­ջոց­նե­րը ձեռք առ­նուած են ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն կող­մէ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նշած է, թէ այդ բո­լոր մի­ջոց­նե­րը, յա­մե­նայն­դէպս, կը թուին ըլ­լալ ան­բա­ւա­րար, ո­րով­հե­տեւ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտած լսում­նե­րը լուրջ ան­հանգս­տու­թիւն պատ­ճա­ռած են մեր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը կու­սա­կա­լին նկա­տառ­ման յանձ­նած է, թէ Իս­թան­պու­լի շուրջ քսան­հինգ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ նա­խա­տե­սուած են Ս. Զատ­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ, հե­տե­ւա­բար Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ակն­կա­լու­թիւնն է իւ­րա­քան­չիւր ե­կե­ղեց­ւոյ պա­րա­գա­յին յա­տուկ ոս­տի­կա­նա­կան խում­բե­րու պաշ­տօ­նի կո­չուի­լը։

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն առ­ջեւ մաս­նա­ւոր ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հի­նի կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած դրա­կան վե­րա­բեր­մուն­քին եւ բարձր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ, կու­սա­կա­լը Նո­րին Սրբազ­նու­թեան խնդրան­քին ըն­դա­ռաջ գա­ցած է եւ միայն Գում­գա­բուի մէջ հա­րիւր ոս­տի­կան պաշ­տօ­նա­վա­րած՝ ե­րէ­կուան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Միւս թա­ղե­րու պա­րա­գա­յին ալ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած են անվ­տան­գու­թեան մի­ջոց­ներ։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ընդգ­ծեց, թէ մեր բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը մաս­նակ­ցած է տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն։ Կու­սա­կա­լին կող­մէ ա­պա­հո­վուած անվ­տան­գու­թեան մի­ջոց­նե­րուն նշա­նա­կու­թիւ­նը այս ամ­բող­ջին մէջ ե­ղած է շատ էա­կան։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը բարձր գնա­հա­տեց նաեւ մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը, որ խուռ­նե­րամ բազ­մու­թեամբ լե­ցուց մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը տօ­նա­կան օ­րով։ Այդ շշուկ­նե­րուն եւ պնդում­նե­րուն լա­ւա­գոյն պա­տաս­խա­նը, չա­րա­գործ­նե­րուն տուած ա­մե­նաազ­դու պա­տաս­խա­նը ե­ղած է այդ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Հե­տե­ւա­բար, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն, մեր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան մա­սին ու մաղ­թեց, որ Աս­տուած միշտ փոր­ձանք­նե­րէ հե­ռու պա­հէ մեր հա­մայն­քը։

 

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016