ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԱՐՏԱԳԱՂԹԵԼՈՎ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԵՐԱԽԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆ-ՎԱՌՎԱՌԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇԷՆՔԸ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէ­կուան Ս. Զատ­կի ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցուց, թէ յա­ռա­ջի­կայ կրթա­կան շրջա­նէն սկսեալ Գում­գա­բուի Դրսի եր­բեմ­նի Պօ­ղո­սեան-Վառ­վա­ռեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը պի­տի տրա­մադ­րուի Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով Իս­թան­պուլ հաս­տա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րու կրթու­թեան։

Ըստ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն, դպրո­ցի փա­կուե­լէն վերջ ա­նոր շէն­քը մաս առ մաս տրուած էր վար­ձու։ Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Վա­րու­ժան Թաւ­րա եւ իր ըն­կեր­նե­րը վեր­ջին շրջա­նին բա­րի ե­ղան այս ա­ռու­մով կա­տա­րել նոր կար­գադ­րու­թիւն մը։ Ար­դա­րեւ, ներ­կա­յիս Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ բո­ղո­քա­կա­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ գետ­նա­յար­կին մէջ կը գոր­ծէ «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նը, ուր կրթու­թիւն կը ստա­նան Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով Իս­թան­պուլ հաս­տա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րու ե­րա­խա­նե­րը։ Ներ­կա­յիս այդ դպրո­ցին մէջ պայ­ման­նե­րը խիստ ան­բա­ւա­րար են։ Այս ե­րե­ւոյ­թը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր ցաւ կը պատ­ճա­ռէ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն եւ հետզ­հե­տէ դար­ձած է հրա­տապ։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, հա­մայն­քէն ներս ո­րո­նում­ներ սկսած են հար­ցե­րու յաղ­թա­հար­ման եւ մշտա­կան լուծ­ման մը հե­ռան­կա­րով։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յայտ­նեց, թէ Գում­գա­բուի Դրսի ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի վե­րա­բեր­մուն­քը ե­ղած է ճա­կա­տագ­րա­կան։ Ան բա­ցատ­րեց, որ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը յանձն ա­ռած է վար­ձու տրուած շէն­քը ա­զա­տել ու տրա­մադ­րել «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Վա­րու­ժան Թաւ­րա­յի եւ իր ըն­կեր­նե­րուն յանձ­նա­ռու­թեան մա­սին։ Ար­դա­րեւ, ներ­կա­յիս «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ 144 մա­նուկ ու­սում կը ստա­նայ։ Գում­գա­բուի Դրսի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ազ­նիւ վե­րա­բեր­մուն­քին շնոր­հիւ յա­ռա­ջի­կայ տա­րուը­նէ սկսեալ այդ տղա­քը այ­լեւս շատ ա­ւե­լի ձեռն­տու մի­ջա­վայ­րի մը մէջ պի­տի ստա­նան ի­րենց ու­սու­մը։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի կար­գադ­րու­թեամբ մօտ օ­րէն վար­ձա­կալ­նե­րէ պի­տի դա­տար­կուի այդ շէն­քը ու ան­մի­ջա­պէս պի­տի սկսի վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք մը։ Այս ծրա­գիրն ալ ու­նի իր բա­րե­րա­րը, ո­րու ա­նու­նը ներ­կա­յիս չի հրա­պա­րա­կուիր։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ու­րա­խու­թեամբ տե­ղե­կա­ցուց, թէ 2016-2017 կրթա­կան շրջա­նէն սկսեալ եր­բեմ­նի Պօ­ղո­սեան-Վառ­վա­ռեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը պի­տի սկսի վերս­տին ծա­ռա­յել իր բուն նպա­տա­կին եւ այն­տեղ ու­սում պի­տի ստա­նան Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով քա­ղաքս հաս­տա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րու ե­րա­խա­նե­րը։

Հարկ է նշել, որ «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի կա­մա­ւոր զօ­րա­կից­նե­րէն Յա­րու­թիւն եւ Դա­լար Հո­րո­զօղ­լու ա­մո­լը մօ­տէն կը զբա­ղին այս ծրագ­րին բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով։ Ե­րէկ, ա­նոնք եւս կրկնե­ցին ի­րենց ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­նե­րը Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին նկատ­մամբ։ Ս. Զատ­կի տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ա­նոնք մէկ­տե­ղուե­ցան նաեւ Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեա­նի, Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճա­նի, Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) ա­տե­նադ­պիր Յա­րու­թիւն Շան­լըի եւ VADİP-ի Կրթա­կան յանձ­նա­խում­բի հա­մա­կար­գող Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լուի հետ, ո­րոնք եւս կը փոր­ձեն ա­ջակ­ցու­թիւն բե­րել այս նա­խագ­ծին։   

ՏՕ­ՆԱ­ԿԱ­ՏԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

Միւս կող­մէ, «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ նշուե­ցաւ Ս. Զա­տի­կը։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016