ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾ ԲԱՐԵՐԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 147-ԱՄԵԱԿԸ
Ազգային մեծանուն ու անմոռանալի բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 147-րդ տարեդարձը Մարտի 23-ին նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որ միեւնոյն ժամանակ առիթ հանդիսացաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի նկատմամբ երախտագիտական զգացումներու թարմացման։ Երեւանի՝ Հայ բարերարներու ճեմուղիին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւնը։ Հրանոյշ Յակոբեան Գալուստ Կիւլպէնկեանի յուշակոթողին առջեւ ծաղիկներ թողուց՝ անոր անունը կրող դպրոցի սաներուն հետ։ Տղաքը վերյիշեցին անոր կեանքն ու գործունէութիւնը։
Իր ելոյթին մէջ Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց, թէ Գալուստ Կիւլպէնկեան հայապահպանման անկիւնաքար կը համարէր Հայ Եկեղեցին, ուստի անոր բարեգործական մեծագոյն ներդրումները կապուած են եկեղեցւոյ հետ։ Խորհրդային տարիներէն առ այսօր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը կ՚օգնէ Երեւանի Մատենադարանին եւ մեծանուն բարերարի անունով հաստատուած կրթաթոշակներով կ՚աջակցի աշխարհի զանազան երկիրներու հայազգի հարիւրաւոր ուսանողներուն։