«ԱՆԿՈՒՏԻ ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐ»
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հայերէն նոր գիրք մը։ Սա Զաւէն Պիպեռեանի գործն է, որ կը կոչուի «Անկուտի սիրահարներ»։ Հարկ է յիշեցնել, որ այս մէկը «Արաս»ի կողմէ հրատարակուած Զաւէն Պիպեռեանի հերթական գործն է։ Հրատարակչութիւնը աւելի առաջ ալ հրատարակած էր նոյն հեղինակի այլ գործերը. ինչպէս՝ «Մրջիւններու վերջալոյսը», «Ծովը» եւ «Լկրտածը»։
«Անկուտի սիրահարներ» վէպի առաջին տպագրութիւնը Իսթանպուլի մէջ եղած է 1962 թուականին։ Երիտասարդ զոյգի մը՝ Սուրի եւ Նորմայի յարաբերութեան վերիվայրումները Պիպեռեանի գրչին տակ այս գործի պարագային կը դառնան միջոց մը՝ ներթափանցելու պոլսահայ ընտանիքի մը 1950-1960-ականներու հոգեվիճակին, մերկացնելու քաղքենի հասարակութեան իրական դիմագիծը։ Նոր հրատարակութիւնը կատարուած է առաջինի հիմքին վրայ։ Գործը հրատարակութեան պատրաստուած է Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ։ Կողքի ձեւաւորումը կատարած է Արէտ Կըճըր։ «Արաս»ի խմբագրութիւնը կը մատնանշէ, որ սխալ պիտի ըլլար այս վէպը ընկալել զուտ սիրային պատումի մը սահմաններուն մէջ։ Արդարեւ հեղինակը փորձած է ներկայացնել 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերու վաղորդայնին Իսթանպուլի մէջ ստեղծուած մթնոլորտը։
Պիպեռեանի այս գործը վստահաբար արժանանայ գրասէրներու անմիջական ուշադրութեան։