ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՐԹԱԿ
Երեւանի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աննախընթաց ժողով մը՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) ծիրէն ներս։ Այսպէս, հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ տեղեկատուական, կապի եւ հեռահաղորդակցութեան փորձագիտութիւններու կիրառման եւ ընդհանրապէս տեղեկատուութեան բնագաւառի վերաբերեալ հարցերու շուրջ նախարարներու մակարդակով խորհրդակցութիւն մը։ Այս ժողովին մասնակցեցան ԵԱՏՄ-ի անդամ պետութիւններու պատուիրակութիւնները՝ կապի եւ հեռահաղորդակցութեան նախարարներու գլխաւորութեամբ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս խորհրդակցութեան ծիրէն ներս առաջին անգամ նախարարներու մակարդակով քննարկուեցան տեղեկատուական-հեռահաղորդակցական փորձագիտութիւններու ոլորտին վերաբերեալ արդի խնդիրներ։ Ժողովականները աշխատանք տարին այս ոլորտներէն ներս համաձայնեցուած քաղաքականութիւն մը որդեգրելու եւ զայն իրականացնելու համար լիազօրուած մարմին մը ստեղծելու հնարաւորութիւնները։ Օրակարգի առանցքային նիւթերու շարքին էր մինչեւ 2025 թուականը նախատեսուած ԵԱՏՄ-ի համարկուած տեղեկատուական համակարգի զարգացման ռազմավարութիւնը։ Խորհրդակցական աշխատանքներ ծաւալուեցան նաեւ ԵԱՏՄ-ի թուային տարածութեան ձեւաւորման վերաբերեալ առաջարկներու շուրջ։
Ժողովներուն տանտէրն էր Հայաստանի Փոխադրութեան-կապի եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու նախարար Վահան Մարտիրոսեան։ Այս վերջինը առանձին հանդիպումներ ալ ունեցաւ Երեւան մեկնած իր պաշտօնակիցներուն հետ։ Այսպէս, Վահան Մարտիրոսեան հիւրընկալեց նաեւ Ռուսաստանի Կապի ու զանգուածային հաղորդակցութեան նախարար Նիքոլայ Նիքիֆորովը, որ եւս մասնակցեցաւ Երեւանի խորհրդակցութիւններուն։
Ժողովական նախարարները Երեւանի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ ԵԱՏՄ-ի յանձնաժողովի անդամ (նախարար) Կարինէ Մինասեան նշեց, որ ժողովականները պայմանաւորուած են իրականացնել պարբերական հանդիպումներ եւ բաժնել տեսակէտներ։ Ըստ իրեն, պիտի մշակուին փաստաթուղթեր՝ ԵԱՏՄ-է ներս հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան գետնի վրայ համաձայնեցուած քաղաքականութիւն մը իրականացնելու վերաբերեալ։
Միւս կողմէ, Երեւանի ժողովին մասնակից նախարարները ընդունուեցան նաեւ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։