ԲԵԿՈՒՄՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐ

Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան կող­մէ վեր­ջերս ար­ձա­նագրո­ւե­ցաւ ա­ռա­ջին ոչ-հրա­պա­րա­կա­յին պայ­մա­նագ­րա­յին ներ­դու­մա­յին ֆոն­տը։ «Հա­յաս­տա­նի ներդ­րող­նե­րու ա­կումբ» կը կո­չուի այս ֆոն­տը, ո­րու նպա­տակն է ներ­քին եւ ար­տա­քին մաս­նա­ւոր գան­ձատր­ման մի­ջոց­նե­րու ներգ­րաւու­մով նպաս­տել երկ­րի տնտե­սու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թեամբ զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րու զար­գաց­ման։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ա­ռաջ­նա­հերթ կը նկա­տուի ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռը՝ այ­լընտ­րան­քա­յին ու­ժա­նիւ­թի ար­տադ­րու­թիւ­նով հան­դերձ։ Բաց աս­տի, ծրագ­րե­րու կի­զա­կէ­տին պի­տի գտնուին ու­ժա­նիւ­թի եւ զբօ­սաշր­ջա­յին են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րը, հան­քար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը, հան­քա­նիւ­թի վե­րամ­շա­կու­մը, սնուն­դի եւ թե­թեւ ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը։ Նմա­նա­տիպ պայ­մա­նագ­րա­յին ներդ­րու­մա­յին ֆոն­տե­րը կա­րե­ւոր տեղ կը զբա­ղեց­նեն զար­գա­ցած պե­տու­թիւն­նե­րու ելմ­տա­կան մի­ջոց­նե­րու շար­քին՝ հան­դի­սա­նա­լով տնտե­սա­կան ա­ճի եւ տնտե­սու­թեան զա­նա­զան ճիւ­ղե­րու զար­գաց­ման գոր­ծօն։ Հա­յաս­տա­նի այս նո­րաս­տեղծ ֆոն­տի կա­ռա­վա­րիչն է «Ֆո­րա քա­փի­թալ» ըն­կե­րու­թիւ­նը։ Այս վեր­ջի­նը իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ նոր կամ գոր­ծող ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու դրա­մագ­լու­խի մաս­նակ­ցու­թեան, պար­տա­տոմ­սե­րու եւ կա­լուած­նե­րու ձեռք­բեր­ման, ինչ­պէս նաեւ փո­խա­ռու­թիւն­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տես­քով։ Կրնան ան­դա­մակ­ցիլ ի­րա­ւա­բա­նա­կան կամ ֆի­զի­քա­կան ան­ձեր եւ այս ֆոն­տի բնոյ­թին բե­րու­մով ան­դա­մակ­ցու­թիւն­նե­րը պէտք է հաս­տա­տուին կա­ռա­վա­րող ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն­նե­րու խոր­հուր­դին կող­մէ։ Ըստ Հա­յաս­տա­նի օ­րէնսդ­րու­թեան՝ այդ մաս­նա­կից­նե­րուն թի­ւը չի կրնար գե­րա­զան­ցել 49-ը։

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն մաս­նա­ւոր հա­ւա­քոյ­թով մը ծա­նօ­թա­ցուե­ցաւ այս նո­րաս­տեղծ ֆոն­տը։ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ «Է­րե­բու­նի» գոր­ծա­րար կեդ­րո­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ եւ յայտ­նի գոր­ծա­րար­ներ։ Ռու­սա­հայ Սփիւռ­քէն ա­ւե­լի քան ե­րեք տաս­նեակ գոր­ծա­րար­ներ եւս մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս հա­ւա­քոյ­թին։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ ան­ցեալ Յու­նուա­րին ռու­սա­հայ գոր­ծա­րար շրջա­նակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հան­դէս ե­կած էին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ խոր բա­րե­փո­խում­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին ա­ջակ­ցե­լու եւ կա­ռա­վա­րու­թեան հետ հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն կամ գոր­ծա­րար ծրագ­րե­րուն մաս­նակ­ցե­լու վե­րա­բե­րեալ։

Իր ե­լոյ­թին մէջ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան «Հա­յաս­տա­նի ներդ­րող­նե­րու ա­կումբ»ի ստեղ­ծու­մը հա­մա­րեց երկ­րին տե­սա­կէ­տէ բե­կում­նա­յին։ Ար­դա­րեւ, Հա­յաս­տան այս­պէ­սով պի­տի ա­պա­հո­վէ ա­ռողջ, եր­կա­րա­տեւ ներդ­րում­ներ, եր­կա­րա­տեւ գոր­ծա­րար ծրագ­րեր ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պի­տի ու­նե­նայ նոր մշա­կոյթ մը։ «Մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ ես բազ­միցս ը­սած եմ։ Բազ­մա­թիւ եր­կիր­ներ, ո­րոնք վեր­ջին քսան-ե­րե­սուն տա­րի­նե­րուն ո­րակ փո­խած են, դէմ յան­դի­ման գտնուած են ոչ պա­կաս խնդիր­նե­րու հետ, քան մենք ու­նինք։ Բայց ա­նոնց հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը, յա­ւակ­նոտ ծրագ­րե­րը, շա­հա­պաշտ ըլ­լա­լը, կամ­քը, նպա­տա­կաս­լա­ցու­թիւ­նը, ո­րոշ դէպ­քե­րու պա­րա­գա­յին՝ կոշ­տու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված են, որ ի­րենք փո­խեն ի­րենց եր­կի­րը։ Ին­չու մենք չենք կրնար ու­նե­նալ լաւ եր­կիր, ին­չու ու­րիշ­նե­րը կրնան, մենք՝ ոչ», ը­սաւ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան։

«Հա­յաս­տա­նի ներդ­րող­նե­րու ա­կումբ» ֆոն­տի գոր­ծու­նէա­կան պաշ­տօ­նա­կան մեկ­նար­կի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քեց ռու­սա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեա­նի հետ, որ կը գլխա­ւո­րէ «Տա­շիր» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու խում­բը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան այս ծրագ­րին ներգ­րա­ւուած ռու­սա­հայ գոր­ծա­րար­նե­րուն ա­նու­նով ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, նո­րաս­տեղծ ա­կում­բի մաս­նակ­ցի­նե­րը ա­ջակ­ցու­թիւն պի­տի ցու­ցա­բե­րեն՝ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի բար­գա­ւա­ճու­մը։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017