ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ արարողակարգին համաձայն, տարուան ընթացքին որոշ տօներու եւ սուրբերու յիշատակութիւններու օրերուն կը կատարուին ջուրի, ձէթի, կարագի եւ խաղողի օրհնութեան կարգեր: Նշեալ կարգերէն՝ ձէթի օրհնութեան կարգը ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ Ս. Քառասուն մանուկներու յիշատակութեան օրը, որ Հայ Եկեղեցին կը տօնախմբէ Մեծ պահքի հինգերորդ՝ Դատաւորի Կիրակիին նախորդող Շաբաթ օրը: Այսպէս, Ս. Քառասուն մանկանց յիշատակութեան օրը, Թիֆլիզի Հաւլաբարի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ, Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի հանդիսապետութեամբ, մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ: Ներկայ էին Վիրահայոց Թեմի Ս. Մովսէս Խորենացի նախակրթարանի եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացի միօրեայ դպրոցի սաները իրենց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն հետ, ինչպէս նաեւ բազում հաւատացեալներ:
Ս. Պատարագի ընթացքին, Տ. Վիրապ Քհնյ. Ղազարեան քարոզեց օրուան խորհուրդին մասին, ներկայացուց 4-րդ դարուն լուսապսակ այս քաջ Ս. Քառասուն մանուկներուն նահատակութեան պատմութիւնը, որոնք բոլորն ալ կայտառ երիտասարդներ էին: Անոնք նահատակուեցան, բայց չդաւաճանեցին իրենց հաւատքին: Այդ քառասուն վկաներուն նշխարները կ՚ամփոփուին Սեբաստիոյ մէջ, ուր հետագային կառուցուած է «Քառասուն մանկունք» քառասուն գմբէթով տաճարը:
Պատարագի ընթացքին՝ եկեղեցւոյ մէջ՝ քառասուն վառուող մոմերով զարդարուած սեղանը խորհրդանշականօրէն վկաներու հաւատարմութիւնն էր քրիստոնեայ հաւատին եւ անոնց նահատակութիւնը, ինչ որ կ՚երեւի լուսէ պսակներով: Իսկ տանջանքներուն չդիմացող նահատակի մոմը, որ մնացած էր առանց ծաղիկի, կը խորհրդանշէր անոր զրկուիլը երկրային եւ երկնային կեանքէ:
Պատարագի աւարտին՝ Տ. Վազէն Եպսկ. Միրզախանեան դիմելով հաւատացեալներուն եւ Պատարագին ներկայ մանուկներուն, քառասուն մանկանց պատմութեան օրինակով յորդորեց՝ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն մէջ անգամ հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի հաւատին, ապրիլ սիրով, ըլլալ բարի ու զոհաբերութեան պատրաստ, յաղթահարել գայթակղութիւնները, ապրիլ երկնային պսակին արժանանալու նուիրումով:
Պատարագի աւարտին՝ հոգեւոր հայրերուն կողմէ կատարուեցաւ աւանդական օրհնութիւն բուսական իւղի, զոր հաւատացեալները տարին իրենց տուները:
Միւս կողմէ, նոյն առթիւ, հոծ թիւով հաւատացեալներ համախմբուած էին Ախալցխայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ: Ախալցխայի եւ յարակից շրջաններու հոգեւոր հովիւ Տ. Թորգոմ Քհնյ. Վարդանեան, յաւուր պատշաճի մեկնեց օրուան խորհուրդը: Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին՝ Տէր Հայրը կատարեց ձէթի օրհնութեան կարգ եւ անիկա բաժնուեցաւ հաւատացեալներուն: