ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է ԲԱՆԱԿՑԵԼՈՒ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Ռիչըրտ Հակլընտ (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ երէկ շփումներ ունեցան Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցան Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Միջնորդները նախ տեսակցեցած Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ, աւելի վերջ ալ ընդունուեցան Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Ընթացքին, Ռիչըրտ Հակլընտ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Հարկ է նշել, որ միջնորդներու համատեղ շփումներուն ընդառաջ, ամերիկացի համանախագահը անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցած էր Եդուարդ Նալպանտեանին հետ։ Քննարկուած էին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու նպատակով պայմաններու ապահովման ուղղութեամբ նախատեսուած քայլերը։ Հարկ է յիշեցնել, որ ներկայ ամսուան առաջին կէսին միջնորդները այցելած էին Պաքու, ուր հանդիպումներ ունեցած էին Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Անոնց Երեւանի ներկայ շփումները այդ ուղեւորութեան ամբողջին մէջ տեղի կ՚ունենան։ Նախապէս հաղորդուած էր, որ համանախագահները այս փուլին կ՚այցելեն նաեւ Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ նախատեսուած են իրենց հանդիպումները Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան հետ։ Միջնորդներու Երեւան այցելութեան ընդառաջ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի ղեկավարները, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարները ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցան համանախագահ երեք երկիրներէն երկուքի մայրաքաղաքներուն՝ Մոսկուայի եւ Փարիզի մէջ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, միջնորդները Եդուարդ Նալպանտեանի հետ երէկուան տեսակցութեան ընթացքին ներկայացուցին Պաքուի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումները։ Քննարկուեցան ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու ուղղեալ քայլերը։ Շեշտուեցաւ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն առնուած որոշումներուն իրականացման անհրաժեշտութիւնը։
Երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ռիչըրտ Հակլընտ ըսաւ. «Բոլորը գիտեն, որ բանակցային սեղանին վրայ դրուած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ծրագրեր։ Բաւական խելամիտ առաջարկներ են, անոնք վերջնական տարբերակ չեն, բայց այդ ծրագրերը կը նշանակեն, որ ժամանակն է բանակցելու։ Պէտք է քաղաքական կամք ըլլայ երկու կողմերու բարձրագոյն ղեկավարներէն՝ բանակցային սեղանի շուրջ վերադառնալու համար, որպէսզի աշխատանք տարուի եւ հիմնախնդիրը ունենայ խաղաղ կարգաւորում»։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Հակլընտ աւելցուց, թէ ըսածները կ՚ենթադրեն դժուար գործընթաց մը, սակայն կողմերը պէտք է հասկնան, որ ժամանակը եկած է բանակցային սեղանի շուրջ վերադառնալու։
Ռիչըրտ Հակլընտ անդրադարձաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու անհասցէ յայտարարութիւններուն, որոնք հայկական կողմի քննադատութիւններուն պատճառ կը դառնան։ Իր խօսքերով ան հաւաստիացուց, որ իրենք իսկապէս գիտեն, թէ ինչ կը կատարուի, ինչ տեղի կ՚ունենայ։ Ան շարունակեց. «Բայց քանի որ միջազգային միջնորդներ ենք, պէտք է քիչ մը հեռաւորութիւն պահենք։ Մենք պէտք չէ վիրաւորենք որեւէ կողմ, որովհետեւ եթէ այդպէս ըլլայ, ապա քննարկումներու, միջնորդութեան հնարաւորութիւնը կը փակուի։ Մենք իրաւունք չունինք դռները փակելու, մենք պարտաւոր ենք այդ դռները բաց թողելու։ Մենք միշտ կը նշենք, թէ ո՛ր խնդիրները պէտք է ուշադրութեան արժանանան, բայց քիչ մը զգոյշ պէտք է ըլլանք հասարակութեան առջեւ խօսելու ժամանակ, նոյնիսկ եթէ փակ դռներու ետեւէն գիտենք, թէ ինչ կը կատարուի»։
Ամերիկացի դիւանագէտը կարգ մը մանրամասնութիւններ ալ փոխանցեց հիմնախնդրի կարգաւորման ծրագրին շուրջ։ Ըստ իրեն, ներկայիս կը քննարկուի ծրագիր մը, որ բաղկացած է երեք մասէ։ «Մենք եւ մեր քաղաքական ղեկավարները կը փորձենք գտնել միջավայր մը, ուր կրնան տեղի ունենալ ղարաբաղեան հակամարտութեան այդ կողմերու ղեկավարներու հանդիպումները», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ այս պահուն կայ գործընթաց մը, ինչ որ գաղտնիք չէ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ մօտաւոր ապագային երկու արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում մը կ՚ունենան՝ պատրաստելու համար նախագահներու մակարդակին վրայ հանդիպում մը։ Նախարարներու այդ հանդիպումը ամիս մը վերջ պիտի չըլլայ։ Ներկայիս ընթացքի մէջ են դիւանագիտական գործընթացները։ Ըստ Հակլընտի, իրենց գործն է խօսիլ բոլոր խաղացողներուն հետ։ «Վաղը (այսօր) մենք կ՚ուղղուինք Լեռնային Ղարաբաղ, պիտի հանդիպինք Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն հետ։ Կը փափաքինք վստահ ըլլալ, որ բոլորը գիտեն, թէ որոնք են լուծման տարբերակները։ Ժամանակն է բանակցութեան։ Մենք չենք կրնար բռնութիւնները որպէս լուծում դիտարկել այս խնդրին համար, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուի։ Բռնութիւնը պատասխան չէ։ Բռնութիւնը կը կործանէ ընտանիքները, բռնութիւնը հարուած կը հասցնէ տնտեսութեան։ Մենք պէտք է փորձենք գտնել ամենադրական լուծումները», ըսաւ Ռիչըրտ Հակլընտ։
Լրագրողի մը հարցման պատասխանելով ամերիկացի համանախագահը ըսաւ, թէ ներկայիս սեղանի վրայ կը գտնուի շատ ընդգրկուն ծրագիր մը։ «Կայ ծրագիր, որ կը քննարկուի, ան երեք մասէ բաղկացած է։ Տեղին չէ, որ ես մանրամասնութիւններ ներկայացնեմ այդ մասին։ Երկու կողմերը, որոնք անոր շուրջ կը բանակցին, պէտք է առանձին հարցերու շուրջ տակաւին աշխատին։ Եւ դիւանագիտութեան մէջ, ինչպէս թղթախաղի ժամանակ, չես կրնար բոլոր խաղաքարտերը սեղանին վրայ դնել։ Հաւանական է ծրագրի մէկ մասը փոփոխութիւն կրէ, այդ իսկ պատճառով մենք չենք խօսիր մանրամասնութիւններու մասին», մատնանշեց Ռիչըրտ Հակլընտ։