ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՄՈՍԿՈՒԱ
Վաղը Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Մոսկուա, ուր պիտի տեսակցի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Երկու երկիրներուն միջեւ մօտաւոր անցեալի ճգնաժամային կացութիւնը թէեւ յաղթահարուած է, սակայն անոնց օրակարգը միշտ կը մնայ ծանրաբեռնուած։
Սուրիոյ տագնապին շրջագծով բոլոր իրադարձութիւնները առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ են երկու մայրաքաղաքներու մօտ ու բնականաբար պիտի զբաղեցնեն Չավուշօղլու-Լաւրով բանակցութիւններու օրակարգը։ Անգարա վերջին շրջանին կ՚անհանգստանայ Սուրիայէ ներս Մոսկուայի կողմէ ՓԵՏ-ին ընծայուած նեցուկով։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ վերջին օրերուն այս նիւթին շուրջ բարձրաձայնած էր թրքական կողմին անհանգստութիւնը՝ հասցէագրուած թէ՛ Մոսկուայի եւ թէ Ուաշինկթընի։